Հարիրի Այսօր Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Պապին Հետ

Հարիրի եւ գերապայծառ Մամպերթի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երկօրեայ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Վատիկան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլիօ Թրիթզիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ քննարկուած են շրջանային զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ անոնք անդրադարձած են Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան, յատկապէս հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութենէն ետք:

«Հանդիպումին ընթացքին անկեղծ կերպով պահանջեցինք Լիբանանի ներկայ կառավարութեան տապալումը եւ բացատրեցինք կառավարութիւնը տապալելու պատճառները», ըսաւ ան:

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք երբեք համայնքային թէ յարանուանական սադրանքներ չեն նախապատրաստեր` աւելցնելով, որ Հըզպալլա ճիգ չի խնայեր` իշխանութեան կառչած մնալու առումով:

Նշենք, որ Հարիրի այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ:

Share this Article
CATEGORIES