Մակրի Այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Մաս Կազմող Իտալական Ջոկատին Կեդրոնը

Իտալիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ճիան Լուիճի Մակրի երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղը, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական ջոկատին կեդրոնը:

Մակրի հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Սերրա ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բարձր գործակցութիւնը` շեշտելով, որ ՖԻՆԻՒԼ յանձնառու կը մնայ բոլոր կողմերուն բռնարարքներուն վերջ տալու եւ զանոնք ինքնազսպումի մղելու իր պատասխանատուութեան:

Զօր. Սերրա կոչ ուղղեց միասնաբար գործակցելու` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ հարաւի բնակիչներուն շնորհակալութիւն յայտնեց` իրենց իսկական բարեկամութիւնը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի նկատմամբ անոնց ցուցաբերած մնայուն զօրակցութիւնը պահպանելու համար:

Իր կարգին, Մակրի յայտնեց, որ Իտալիա երբեք չի միտիր ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ջոկատին անձնակազմին թիւը նուազեցնել` աւելցնելով, որ Իտալիա կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին` շրջանային փոփոխութիւններուն լոյսին տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES