Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Աուտէ Եպիսկոպոսին

Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս երէկ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` վերջ տալու համար Լիբանանի դէմ նախապատրաստուող սադրանքներուն:

«Պէտք չէ առիթ տալ, որ մեզի փոխադրեն դէպի ապահովական ապակայունութիւն», ըսաւ ան:

Ապու Զէյնապ անդրադարձաւ վերջերս Սայտայի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ճառերը դարձած են փորձանքի համազօր յայտարարութիւններ:

«Ոմանք համոզուած են, որ իրենց նախասիրած կերպով կրնան իշխել երկրին, սակայն անոնց պէտք չէ առիթ տալ նման քայլեր իրագործելու, որովհետեւ այդ քայլերը սադրանքներու համազօր են եւ լիբանանեան արժէքներուն չեն համապատասխաներ», ըսաւ ան:

Ապու Զէյնապ յայտնեց, որ Հըզպալլա ոչ մէկ կապ ունի կեղծուած դեղորայքի թղթածրարին հետ` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է խիստ կերպով վարուին այս իմաստով:

Ապու Զէյնապ նաեւ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը շարունակէ զօրակցիլ կառավարութեան` առաջքը առնելու համար որեւէ անիշխանութեան:

Share this Article
CATEGORIES