Օմար Քարամէ Կոչ Ուղղեց Կազմելու Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Ներկայացնող Կառավարութիւն Մը
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Թրիփոլիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Քարամէ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել Լիբանանի դէմ նիւթուող դաւերը:
Քարամէ մաղթեց, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները անդրադառնան երկրին սպառնացող մարտահրաւէրներուն, որոնք մնայուն կերպով կը մտահոգեն լիբանանցիները:
Իր կարգին, Փլամպլի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի իրադարձութիւններուն, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ տիրող ապահովական եւ տնտեսական պայմաններուն:
Փլամպլի յայտնեց, որ ինք Թրիփոլիի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն պիտի տայ Թրիփոլիի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին, ուր պիտի ստուգէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը:

