Զօր. Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ձերբակալելու Սայտայի Բախումները Հրահրող Յանցագործը

Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է շարժի եւ ձերբակալէ Սայտայի մէջ բախումներ հրահրող յանցագործը:

Ան նշեց, որ Սայտա կը փափաքի ապահովական իր կայունութիւնը վերագտնել` աւելցնելով, որ ինք եօթը տարի ապրած է Սայտայի մէջ եւ կը ճանչնայ շրջանին բնակիչները, որոնք խաղաղասէր են եւ ազգային բարձր գիտակցութիւն ունին:

«Կարելի չէ մնայուն կերպով ապօրինութիւններ եւ օրինազանցութիւններ կատարել», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն անհրաժեշտ նկատեց Սայտայի մէջ օրէնքի գործադրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES