Ֆրենժիէ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Ֆրենժիէ եւ Ռայի պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ հաստատեց, որ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն պէտք է կատարուի, առանց լիբանանեան համախոհութեան:

Ֆրենժիէ մերժեց չէզոք կամ մասնագէտ անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը, սակայն աւելցուց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին որոշ կառավարութեան մը շուրջ համախոհութիւնը կրնայ հաւանական ըլլալ:

Ֆրենժիէ նշեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին պարագային հիմնական բացթողումը դրամն է, եւ պետութիւններ կան, որոնք հարուստ են, դրամ ունին: «Ճիշդ է, որ կան քաղաքացիներ, որոնք կը վախնան զէնքէն, սակայն դրամը, որ իբրեւ զէնք կ՛օգտագործուի, շատ աւելի վտանգաւոր է: Մեր կարծիքով, համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ դրամին ուժը կը նուազեցնէ», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը առաւօտեան ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին` ընկերակցութեամբ լրագրող Մէյ Շիտիաքի:

Հանդիպումէն ետք Ահմետ Հարիրի յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանուի եւ Լիբանանի կողքով անցնող փոթորիկը հանդարտի:

Հարիրի շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հետեւողական կերպով խորհրդակցիլը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ նախագահեց պատարագի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի պատասխանատուներու, որոնք կը հեռանան անձնական շահերէ եւ լիբանանցիներուն ու երկրին շահերը գերագոյն կը դասեն եւ ի խնդիր այդ շահերուն կը գործեն:

 

Share this Article
CATEGORIES