Այն Թինէի Մէջ Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախարարները, որոնք զգուշացուցին Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակէն:

Նախարարներուն անունով խօսք առաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, որ յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է երկրին տարբեր ղեկավարութիւններուն միջեւ գործակցութիւն ապահովել` երկիրը փրկելու նպատակով:

Արիտի հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարզերը պահպանելու համար պէտք է ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

«Լիբանան քաղաքական լուրջ հարցի դէմ յանդիման կը գտնուի եւ պէտք է զայն լուծել, ինչպէս նաեւ առաջքը առնել Լիբանանի վրայ  Սուրիոյ տագնապին ունենալիք վտանգաւոր հետեւանքներուն: Կառավարութիւն մը չկայ, որ սուրբ է եւ կառավարութիւն մը չկայ, որ միշտ կը յարատեւէ: Այսօրուան դրութեամբ կայ կառավարութիւն մը, որ կը գործէ», ըսաւ Արիտի:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիս:

Share this Article
CATEGORIES