Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Զօր. Աունը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ այդ հարցերուն կապուած լուծումներ` անհրաժեշտ նկատելով երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան պահպանումը:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ պէտք է արագ քայլեր առնել` աշխուժացնելու համար ազգային երկխօսութիւնը, որովհետեւ անիկա կարեւոր է լուծելու համար երկրին հարցերը:
«Եթէ Լիբանանի հարցերը երկխօսութեամբ չլուծենք, ապա ինչպէ՞ս պիտի լուծենք զանոնք: Զէնքերով փողո՞ց իջնենք», հարց տուաւ ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը զէնքի ուժով կարելի պիտի չըլլայ տապալել` աւելցնելով, որ հակառակ ապահովական կարգ մը միջադէպերու, Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը կայուն է: «Երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն նպատակն է երկիրը ներքաշել դէպի ընդհարում», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց կեղծուած դեղորայքին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց նախարարութիւնը` այդ գայթակղութիւնը բացայայտելուն առիթով եւ շեշտեց, որ յանցագործները պէտք է պատիժի ենթարկուին:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց Սայտայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ընդգծելով քաղաքին կացութիւնը ապահով պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Աւելի ուշ ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի նախագահ Սլէյմանի փոխանցած է նամակ մը` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն, որ ցաւակցութիւն յայտնած է անցեալ 19 հոկտեմբերին Էշրեֆիէի մէջ արձանագրուած պայթումին պատճառած զոհերուն համար:
Քլինթըն նաեւ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը յայտնած է նախագահ Սլէյմանին եւ ողջունած լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ ղեկավարներուն հետ անոր կատարած խորհրդակցութիւնները` նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով:


