Սայտայի Մէջ. «Ինչպէս Թրիփոլիի Եւ Պէյրութի Մէջ, Նոյնպէս Ալ Սայտայի Մէջ Բանակը Իր Հակակշիռին Տակ Պիտի Առնէ Կացութիւնը» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Զօր. Քահուաժի կ՛այցելէ զինուորական դիրքերը

Սայտայի մէջ միօրեայ սուգէն եւ գործադուլէն ետք, երէկ կեանքը վերադարձաւ իր բնականոն ընթացքին, բացի այն իրականութենէն, որ շրջանին մէջ տիրական ներկայութիւն դարձան ապահովական արտակարգ միջոցառումները` բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած:

Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Սայտա, ուր  ստուգեց շրջանին մէջ դիրքաւորուած բանակայինները, մասնայատուկ ուժերն ու բանակին զրահապատները:

Զօր. Քահուաժի իր արտասանած ճառին մէջ սպաներն ու զինուորականները զգուշացուց Լիբանանի մէջ տիրող վտանգաւոր իրավիճակէն` նկատի ունենալով, որ ապահովական միջադէպերը շրջանէ շրջան կը տեղափոխուին:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ բանակը իր հակակշիռին տակ պիտի առնէ կացութիւնը, ինչպէս կատարած է Թրիփոլիի եւ Պէյրութի մէջ, երբ կարգ մը կողմեր փորձեցին կարմիր գիծերը խախտել եւ քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնալ:

Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ բանակը իւրաքանչիւր ապահովական խախտումի փորձի հետ շատ խիստ պիտի վարուի: Ան կոչ ուղղեց բանակայիններուն զգուշանալու թակարդներէն, որոնց նպատակն է բանակին եւ շրջանին բնակչութեան միջեւ բախումներ պատճառել, ինչպէս նաեւ նախապատրաստուած այն սադրանքներէն, որոնք կը միտին Լիբանանի մէջ գրգռութիւններ ստեղծել:

«Բանակը իւրաքանչիւր շրջանի հետ կը վարուի այդ շրջանին իւրայատուկ զգայնութեամբ եւ իմաստութեամբ, հետեւաբար ոչ մէկ ձեւով թուլամորթ պիտի գտնուի այս կամ այն, ներքին թէ արտաքին կողմերուն նկատմամբ, որոնք կը միտին Սայտայի մէջ պատերազմ բռնկեցնել», շեշտեց զօր. Քահուաժի:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի Մաժտելիունի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մէկ շաբթուան սուգ յայտարարեց Սայտայի մէջ ինկած զոհերուն յիշատակին` աւելցնելով, որ այդ զոհերուն թափած արիւնը քաղաքական շահերու պէտք չէ վերածել:

Իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի` Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ նշեց, որ ան պաշտպանութեան կարիք չունի:

«Ես քեզի հրաժարելու կոչ չեմ ուղղեր, սակայն այսօր Լիբանանի մէջ մենք հասած ենք արեան, որ քու հագուստդ չէ եւ դուն լաւ գիտես, որ ուխտագնացութիւնը բոլոր մեղքերը կը քաւէ, բացի թափած արիւնէն», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Այն Հելուէի պաղեստինեան խմբաւորումներուն հետ, որոնք հաստատեցին, որ իրենք կը հսկեն Սայտայի ապահովական կայունութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES