«Նախագահ Սարգսեան Շեշտեց Սուրիահայութեան Սուրիա Մնալու Եւ Սուրիան Չլքելու Կամքը» Ըսաւ Հրաչ Վարժապետեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա պաշտօնական եռօրեայ այցելութիւնը կը շարունակուի մեծ աշխուժութեամբ: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի, Ծերակոյտի նախագահներուն եւ վարչապետին հետ հանդիպումներուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի դէպի յաւելեալ ժողովրդավարութիւն կամքը, ղարաբաղեան օրակարգով Մինսքի խմբակի շրջանակին մէջ խաղաղ լուծմամբ հարցերը լուծելու տրամադրութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին համազգային թափ տալու վճռակամութիւնը:
Կապ հաստատելով ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանի հետ, որ ներկայ էր Էլիզէի պալատին մէջ կայացած նախագահներ Ֆրանսուա Հոլլանտ – Սերժ Սարգսեան հանդիպում-ճաշկերոյթին, «Ազդակ» հետեւեալ մէջբերումը կը կատարէ Վարժապետեանի զեկուցումէն. «Հիմնականին մէջ երկու նախագահները Էլիզէի պալատին մէջ արծարծեցին ղարաբաղեան հիմնահարցին կապուած խնդիրներ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի անկիւնադարձային օրակարգը, սուրիահայութեան իրավիճակը, Ցեղասպանութեան ուրացման քրէականացման թղթածրարը եւ Հոլլանտի Հայաստան այցելութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն: Նախագահ Հոլլանտ վերահաստատեց քրէականացման օրէնքը իր բարւոք աւարտին հասցնելու խոստումը, վեր առնելով այս շրջագիծին մէջ հայ համայնքի հիմնական դերակատարութիւնը: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի` Մինսքի խմբակին մէջ իբրեւ եռանախագահ շինիչ դերակատարութեան համար, իսկ խօսելով սուրիահայութեան մասին, հայրենի նախագահը շեշտեց սուրիահայութեան Սուրիա մնալու եւ Սուրիան չլքելու կամքը, այնտեղ մնալու անհրաժեշտութիւնը` յայտնելով, որ ահաւոր իրավիճակի հետեւանքով Հայաստան ապաստանած մեր հայրենակիցները մեծ մասով պիտի վերադառնան, անմիջապէս որ ապահովական իրավիճակը կայունանայ` ընդգծելով, թէ այս մէկը սուրիահայ համայնքի կամքն է, ինչ որ յարգելի է: Վերջապէս, հայրենի ղեկավարը նաեւ արծարծեց Հայաստան – Ֆրանսա տնտեսական կապերու յաւելեալ սերտացման անհրաժեշտութիւնը եւ հրաւիրեց Ֆրանսայի տնտեսական-ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչները Հայաստան ներդրում կատարելու»:


