«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ուղղուած Նոր Քայլերը Պիտի Քննարկէ» Կ՛ըսէ Մոռնինկսթար
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ կը պահպանէ իր աշխուժութիւնը, սակայն առաւել աշխուժ եղած է վերջին ամիսներուն ընթացքին:
«Համանախագահները նոյեմբերի այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկեն քայլերը, որոնք կրնան օգնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ յառաջընթացի հասնելու: Մենք յոյս ունինք, որ յառաջընթաց պիտի արձանագրուի», ըսած է ան:
Երկուշաբթի օր Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ յայտարարած էր, որ Ֆրանսա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, ջանքեր կը գործադրէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար: Ան ընդգծած էր, որ Ֆրանսա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ճամբով լուծման կը սատարէ:

