Ուրուկուէյի Խորհրդարանի Նախագահը Լեռնային Ղարաբաղ Այցելեց
Ուրուկուէյի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքօ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կ՛այցելէ, 13 նոյեմբերին մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Ստեփանակերտի մէջ խորհրդարանի նախագահ Օրիքոյին դիմաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:
Բարձրաստիճան օտար հիւրը դիմաւորելու համար Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հոծ բազմութիւն հաւաքուած էր:
Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահին կ՛ընկերանար ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:
Նախագահ Բակօ Սահակեան Օրիքոնի հետ քննարկած է Արցախ-Ուրուկուէյ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Արցախի նախագահը բարձր գնահատած է Ուրուկուէյի ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման մէջ, ինչպէս նաեւ այդ երկրի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման եւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ:
Ըստ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ»-ին, հանդիպման աւարտին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանած են Ուրուկուէյ – Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի ղեկավար, Ուրուկուէյի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Ռուպեն Մարթինես Ուելմօ եւ Հայաստան – Ուրուկուէյ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի ղեկավար ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:
«Տակաւին անցեալ տարի Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունեցաւ գիտական սեմինար խորհրդարանին մէջ. այդ սեմինարին կը մասնակցէին քաղաքական դէմքեր, որոնց շարքին նաեւ Ուելմօ եւ արտաքին գործոց նախարարը: Անոնք ելոյթով հանդէս եկան` նշելով, որ իրենք կը տեսնեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հոլովոյթը կրնայ բնականոն ճամբով ընթանալ: Ասիկա հոլովոյթ մըն է, որ քայլ առ քայլ պիտի ընթանայ: Այս այցելութիւնը եւ հանդիպումը առաջինն է, որ շարունակութիւն պիտի ունենայ», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:
«Ուրուկուէյը առաջին երկիրն էր, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հաւանակա՞ն է, որ Ուրուկուէյ նաեւ առաջինը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը», հարցումին Ուելմօ պատասխանեց. «Անկեղծօրէն կրնամ ըսել, որ իբրեւ տեսական պատասխան` այո: Սակայն ասիկա քաղաքական հոլովոյթ է, եւ պէտք է քայլ առ քայլ ընթանայ: Բոլոր քայլերը պէտք է հաւաքենք եւ ներկայացնենք փաստարկներ` զանոնք ներկաացնելու համար քաղաքական ուժերուն»:
Հանդիպման ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Մելիքեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Ուրուկուէյի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներ եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
Նշենք, որ անցեալ տարուան սեպտեմբերին, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ յայտարարած էր, թէ իր կառավարութիւնը ձեռնարկած է Արցախի կարգավիճակի մասին յայտարարութեան մը մշակման գործին: Ալմակրօ այդ առիթով յայտարարած էր, թէ ինք անձնապէս համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմական Հայաստանի մաս կը կազմէ եւ որ ան պէտք է անկախ ըլլայ ու կարճ ժամանակամիջոցէ մը ետք միանայ Հայաստանին:
Ալմակրօ այս յայտարարութիւնը կատարած էր Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին:

