Ո՞ՒՐ Է ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ
«Ամբողջ խնդիրը, Հայ դատը եւ մնացեալը, ահա այս հոգի կոչուածը, հայ հոգի ըսուածը չկորսնցնելն է մեզի համար, պահելն ու զարգացնելն է մանաւանդ:
«Նպատակը, միա՛կ նպատակը Հայ Հոգիի, մեր ազգային ինքնութեան, ազգային դիմագիծի եւ ազգային ոգիի պահպանումն ու զարգացումն են մեզի եւ բոլորին համար անխտիր»:
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Կը մօտենանք Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ Հայ դատը կը շարունակէ մնալ սուգի, վրէժխնդրութեան, պոռթկումի դաշտահանդէս:
Մեր արիւնը տակաւին չենք կրցած մաքրել ստորադասութեան ախտէն:
Ամէն անգամ որ թուրք մը ժամանէ մեր սփիւռքի տարբեր երկիրները, կարծես իրարու կ՛անցնինք:
«Հի՞մա ինչ պիտի ընենք»:
«Այս անգամ աւելի զօրաւո՞ր պիտի ըլլայ եղեր ցոյցը»:
Կը կազմակերպուինք, կը կազմակերպենք մեր ժողովուրդը ու զայրացած կ՛ուղղուինք` դէմ դնելու թուրք ներկայացուցիչին:
Դեռ պէտք ունինք թուրքին, պէտք ունինք զայն ատելու, որպէսզի շեշտուի մեր ինքնութիւնը:
Աւելի հայ կը զգանք, երբ թուրքը մեր շուրջը կը գտնուի, երբ առիթը ունինք պոռթկալու, մեր զայրոյթը յայտնելու անոր հանդէպ: Աւելի հայ կը զգանք, երբ կը մերժենք թրքական արտադրութիւնը, կը մերժենք թրքական մշակոյթի թափանցումը, կը մերժենք թրքականի որեւէ քաջալերում, նոյնիսկ եթէ երբեմն ըլլայ ի նպաստ հայոց շահերուն: Իսկ այս բոլորին կողքին, մեզ իսկական հայկականացնողը, մեր ինքնութիւնը, մեր մշակոյթն ու լեզուն դարձած են (լաւագոյն պարագային) պարտականութիւն, սովորութիւն:
Հայ դատը կը պահանջէ լրջութեամբ, խելքով եւ մասնագիտական ձեւով մօտենալ ու հետապնդել զայն: Այսքան տարիներ ետք Հայ դատը չի կրնար սահմանափակուիլ մակերեսային պոռչտուքի, աղմուկի, թուրքին հայհոյելու, օտարին խիղճը արթնցնելու միջոց: Հարկ է անջատել սուգը, վրէժն ու թուրքին հանդէպ թշնամութիւնը եւ այս բոլորէն ծնունդ առած զգացական մօտեցումը` հայ հողերու, Հայ դատի պահանջներէն:
Ժամանակ ու ճիգ կը վատնենք «թուրք»ով զբաղելու, անոր ցեղասպան ըլլալը անդադար կրկնելու ու անոր հանդէպ ատելութիւն սերմանելու նոր սերունդներուն մէջ:
Արդեօ՞ք նոյնքան մտահոգ ենք սփիւռքի ինքնութեամբ, սփիւռքի ապագայով, հայ արուեստով, հայոց լեզուով, հայ արդի մշակոյթով:
Պէտք է ընդունինք, որ մինչեւ օրս հայ մշակոյթն է, որ մեզ պահած է հայ, ամրացուցած` մեր ինքնութիւնը: Իսկ մշակոյթի զարգացումը կենսական է մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ զարգացման համար, «երկրորդական բան» չի կրնար ըլլալ, «աւելի կարեւոր բաներ» չկան:
Հետեւաբար հայկական մշակոյթի զարգացման ի նպաստ որեւէ աշխատանք պարտականութիւն կամ սովորութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ` կազմակերպուած, նուիրական աշխատանք մը:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի գոհանանք հայկական ճարտարապետութեամբ փառաբանուելով կամ զայն ընդօրինակելով, Լեւոն Շանթի գործերը մեր թատերասրահներէն ներս ներկայացնելով, հայկական ժողովրդային երգերն ու պարերը արդիականացնելով, երբեմն ալ, աղաւաղելով, հայ կամ օտար հասարակութիւններու հրամցնելով:
Ա՛լ կը բաւէ անցեալի համբաւով մենք մեզ խաբենք եւ ուրիշին ուշադրութիւնը փորձենք գրաւել միջազգային բեմերէն:
Ե՞րբ պիտի անդրադառնանք, թէ չունինք ժամանակակից արուեստ, չունինք հայ արդի մշակոյթ:
Այսօր արուեստը յեղափոխական զէնքի մը չափ ազդեցիկ է, եթէ ոչ աւելի:
Թո՛ղ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր երիտասարդութիւնը կաշկանդող տարրը չըլլայ:
Թո՛ղ թուրքը մեր ինքնութիւնը ձեւաւորողը չըլլայ:
Պէ՛տք է հայու հոգին վերականգնի, նշմարէ եւ ընդունի գեղեցիկը, արուեստին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան մէջ, որպէսզի կարողանայ նորէն ստեղծել` իր ինքնութիւնը զարգացնել:
ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԿԱՐԻՆ