ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԻՒՆ ԱՅԺՄ ՉԿԱՅ. ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐԸ ԼԱՒ ՉԵՆ

Ժողովրդավարութիւն պահանջող արաբական ապստամբութիւնները քաղաքական, դիւանագիտական եւ գաղափարաբանական սահմաններ կը վերագծեն Միջին Արեւելքի մէջ: Այս ուժական աշխուժ հոլովոյթին ընթացքը վտանգուեցաւ Լիպիոյ մէջ ճնշումով, եւ չենք գիտեր, թէ լիպիացի ըմբոստներու զօրակցող ՄԱԿ-ի վաւերացուցած արեւմտեան ուժերու գործողութիւնները ո՛ւր պիտի առաջնորդեն:
ՍԵՐԺ ՀԱԼԻՄԻ

Նոյնիսկ խանգարուած ժամացոյց մը օրական երկու անգամ ճիշդ ժամը կ՛ըսէ: Հետեւաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը` Լիպիոյ դէմ ուժի օգտագործումի իրաւասութիւն տուող, անպայման սխալ չէ, պարզապէս որովհետեւ ատիկա Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ նախաձեռնութիւնն է: Անզէն ըմբոստներ, որոնք կը դիմակալեն սարսափի, ահաբեկումի տիրապետութիւնը, կրնան փնտռել օգնութիւնը միջազգային ուժի մը, որ իր սեփական տառապանքներով մտազբաղ` պիտի չմերժէ օգնել, հակառակ անոր որ այլ տառապողներու, օրինակ` պաղեստինցիներու դիմումներուն խուլ մնացած է: Անոնք նոյնիսկ կրնան մոռնալ, որ միջազգային ուժերու դաշնակցութիւնը աւելի ծանօթ է ճնշումի համար, քան` օժանդակութեան:

Բայց ծայրայեղ վտանգի մատնուած Լիպիոյ ըմբոստներուն համար տրամաբանական պատճառները տակաւին չեն կրնար արդարացնել արաբական հողի մը վրայ արեւմտեան այլ պատերազմ մը:

ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու կողմէ միջամտութիւնը ընդունելի միջոց մը չէ զօրավար Մուամմար Քազզաֆին տապալելու համար: Եթէ միջամտութիւնը կը թուի անխուսափելի լուծումը (ցարդ կը պահանջուի ընտրել արեւմտեան ռմբակոծումը եւ կամ լիպիական ըմբոստութեան խորտակումը, ճզմումը), ատիկա այդպէս է, որովհետեւ այլ լուծումներ, ինչպէս` ՄԱԿ-ի, Եգիպտոսի եւ արաբական ուժերու կողմէ միացեալ միջամտութիւն մը, բացառուեցան:

Անցեալի տուեալները նկատի ունենալով` անկարելի է հաւատալ այն պնդումներուն, թէ վեհանձնութենէ մեկնած` արեւմտեան ուժեր կը ղրկուին: Իրականութեան մէջ դժուար է հաւատալ, որ որեւէ պետութիւն որեւէ տեղ դրամ պիտի ծախսէ եւ զօրք տեղակայէ ժողովրդավարական նպատակներ նուաճելու համար: Նորօրեայ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս նպատակներուն համար մղուած պատերազմները կրնան մեծ դրուատանքներու արժանանալ իրենց նախնական, սկզբնական յաջողութեան համար, բայց ատոր յաջորդածը քաոսային է, աւելի վտանգաւոր եւ նուազ զգայացունց: Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Սոմալիի մայրաքաղաքները ինկան տարիներ առաջ, բայց տակաւին այդ երկիրներուն մէջ կռիւները կը շարունակուին:

Լիպիացիները պիտի նախընտրէին, իրենց եգիպտացի եւ թունուզցի դրացիներուն նման, վերջ դնելու Քազզաֆիի բռնատիրութեան` առանց արտաքին օգնութեան: Օտար ուժերու միջամտութիւնը զիրենք կը դնէ պարտաւորութեան տակ արտաքին ուժերու, որոնք Լիպիոյ անկախութեամբ հետաքրքրուած իսկ չեն: Սկզբնապէս Քազզաֆի պէտք է մեղադրուի շրջանային այս բացառութեան համար: Առանց քառասուն տարուան իր վայրագ, ճնշիչ վարչակարգին (որ հակակայսերապաշտական բռնատիրութենէն անցաւ արեւմտամէտ բռնակալութեան), առանց իր պարսաւներուն` ընդդէմ` «Քայիտայի գործակալներու» եւ «օտար լրտեսական գործակալութիւններու վարձկան առնէտներու», լիպիացի ժողովուրդը առանձինն կրնար ճշդել իր սեփական ճակատագիրը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1973 բանաձեւը, որ կ՛արտօնէ Լիպիան ռմբակոծել, եւ որ կրնայ արգելք հանդիսացած ըլլալ զինուորական միջոցով ապստամբութեան խորտակումին, յաջողելու համար շատ թոյլ է: Բայց ատիկա կեղծաւորութեան դուռը բաւական բացած է: Քազզաֆիի ուժերը անոր ամէնէն վայրագ եւ արիւնարբու բռնատէր ըլլալուն համար չէ, որ ռմբակոծուեցան, այլ որովհետեւ ամէնէն տկարն էր. ան չունէր հիւլէական զէնքեր, կամ հզօր բարեկամներ, որոնք զինք պիտի պաշտպանէին զինուորական հարուածներէ, կամ իրեն նպաստող կեցուածքներ պիտի որդեգրէին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: Զինուորական յարձակումը, միջամտութիւնը վաւերացնող որոշումը կը հաստատէ, որ միջազգային օրէնքը չունի յստակ սկզբունք մը, որուն խախտումը ենթակայ է ընդհանրական պատժամիջոցներու:

ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՍԵՐՏ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ

Դիւանագիտական «ծեփը» կամ յանցանքը ծածկելը դրամի լուացումի նման է. լաւ արարք մը կը յաջողի ծածկել տասնամեակներու թերութիւնները: Հետեւաբար Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կրնայ օդանաւային յարձակումներ հրահանգել Քազզաֆիի` իր նախկին առեւտրական գործընկերոջ դէմ, զոր 2007-ին հիւրընկալեց, ընդունեց, թէեւ Քազզաֆիի վարչակարգին բնոյթը բացայայտ էր: (Մենք մեզ թէեւ կրնանք բախտաւոր համարել, որ Սարքոզի Քազզաֆիի չառաջարկեց տալ «ֆրանսական ապահովական ուժերու փորձագիտութիւնը», զոր յունուարին տրամադրած էր Թունուզի այժմ արդէն նախկին նախագահ Զէյն էլ Ապըտին պըն Ալիի): Իսկ Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի «սերտ բարեկամն» էր Լիպիոյ առաջնորդին, որ Հռոմ այցելեց 11 անգամ, բայց եւ այնպէս Պերլուսքոնի ակամայ կրցաւ միանալ քոալիսիոնին:

Արաբական լիկան, ծեր մարդոցմով վխտացող, որոնք կը սոսկան, կը զարհուրին ժողովրդավարութենէ, ողջունեց ՄԱԿ-ի քայլը, բայց սարսափեցաւ, երբ առաջին հրթիռները ինկան:

Ռուսիա եւ Չինաստան կրնային ընդդիմանալ Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւին կամ ներկայացնէին միջոցառումները սահմանող, ճշդող բարեփոխումներ եւ նուազեցնէին մագլցումի հաւանականութիւնը, վտանգը, որպէսզի աւելի ուշ չստիպուէին «ափսոսալ»ու ուժի կիրարկումին համար: Միջազգային հանրութեան ուղղամտութիւնը նոյնպէս յստակ է թիւ 1973 բանաձեւի բնագիրէն, որ կը դատապարտէ «կամայական, քմահաճ արգելափակումները, բռնի անհետացումները, խոշտանգումներն ու գլխատումները» Լիպիոյ մէջ: Անշուշտ այս բաները չեն պատահիր Կուանթանամոյի խարիսխին, Չեչենիոյ կամ Չինաստանի մէջ:

Ոչ ոք հարցականի տակ կ՛առնէ քաղաքայինները պաշտպանելու հրամայականը: Բայց զինեալ հակամարտութեան մէջ ատիկա կը նշանակէ ռմբակոծել զինուորական թիրախներ, ներառեալ` զօրքեր, նորազէն քաղաքայիններ, որոնք խառնուած են անզէն բազմութիւններու: Թռիչքներու արգիլեալ գօտին հսկող օդանաւեր կրնան վար առնուիլ, անոնց օդաչուները կրնան ձերբակալուիլ եւ ապա յատուկ ուժեր կը ղրկուին զանոնք ազատագրելու համար: Թէպէտեւ բառացանկը նորոգուած, թարմացուած է, սակայն պատերազմի համար մեղմաբանութիւն չկայ:

Պատերազմը ձեռքն է անոնց, որոնք կը յայտարարեն ատիկա եւ կը ղեկավարեն գործողութիւնները, այլ ոչ թէ անոնց, որոնք երջանիկ աւարտով կարճ պատերազմներու կը հաւատան: Շատ լաւ է ծրագիր մշակել այնպիսի տագնապի համար, որ թշնամանքներ եւ կողմնակի, անուղղակի վնասներ չունի, բայց զինուորական ուժերը, որոնք կը գործադրեն այս ծրագիրները, պիտի հետեւին իրենց սեփական հակումներուն, պիտի օգտագործեն իրենց մեթոտը, ոճը եւ պիտի ունենան իրենց սեփական յուշատետրը:

Թիւ 1973 բանաձեւին հետեւանքը կրնայ ներառել լիպիական ուժերու նահանջը, ինչպէս նաեւ` Պենկազիի մէջ ցնծացող ամբոխները:

Լիպիոյ վերաբերող յառաջադէմ տեսակէտը բաժնուած է. համերաշխութիւն ճնշուած ժողովուրդին հետ, կամ ընդդիմութիւն` արեւմտեան պատերազմի մը: Երկու նպատակակէտերն ալ օրինական են, բայց միշտ չեն կրնար հաշտեցուիլ:

Ընտրելու պարտադրանքին տակ որոշում մը պէտք է տրուի «հակակայսերապաշտական» պիտակը շահած միջազգային մրցավազքին մէջ ժողովուրդին վրայ գործադրուող առօրեայ տառապանքին:

ԿԱՄԱՒՈՐ ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Լատին Ամերիկայի մէջ ձախակողմեան բազմաթիւ կուսակցութիւններ, մասնաւորաբար Վենեզուելլա, Քուպա, Նիքարակուա եւ Պոլիվիա արժանապատիւ լռութիւն պահած են Քազզաֆիի ճնշող, ճզմող միջոցառումներուն նկատմամբ, որ աւելի արտառոց կը թուի, նկատի ունենալով, որ Քազզաֆիի ընդդիմութիւնը Արեւմուտքին զուտ ճակատ է: Ան կը պնդէ, թէ «գաղութարարական դաւի» մը զոհն է, հին գաղութարարական ուժերուն հաւաստելէ ետք, թէ` «մենք բոլորս ալ միախառնուած ենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Մեր ապահովական ուժերը կը համագործակցին: Մենք ձեզի այս վերջին տարիներուն շատ օգնեցինք» («Ժուռնալ Տիւ Տիմանշ»ին տուած հարցազրոյց, Փարիզ, 6 մարտ 2011):

Հիւկօ Չաւեզի, Տանիէլ Օրթեկայի եւ Ֆիտել Քասթրոյի նման, Քազզաֆի եւս կը պնդէ, թէ իր դէմ կատարուած յարձակումը «քարիւղի համար է», թէեւ լիպիական քարիւղը արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ հանրածանօթ ընկերութիւններու (ՕՓ,ՊՓ, Էնի) հակակշիռին տակն է:

Միայն քանի մը շաբաթ առաջ Միջազգային դրամական ֆոնտը ողջունեց Լիպիոյ «մանր առեւտրական գործարքը եւ սեփական մարզը քաջալերելու դերակատարութեան յառաջընթացը»: Քազզաֆիի բարեկամը` Պեն Ալի, նման գովասանքի արժանացաւ նոյեմբեր 2008-ին, Միջազգային դրամական ֆոնտի ընդհանուր տնօրէն Տոմինիք Սթրաուս Քահնի կողմէ, որ նոր վերադարձած էր Թրիփոլիէն:

Անթոնի Կիտտընս, Պլէյրայթ «Երրորդ ուղի»ի տեսաբանը, նոյնպէս կը թուի, թէ հարեւանցի կը նայի կամ չի տեսներ հին յեղափոխական Քազզաֆիի հակակայսերապաշտական արտաքին փայլը, որ զգուշօրէն վերահաստատուեցաւ Քարաքասի եւ Հաւանայի մէջ, երբ 2007-ին ան նկատել տուաւ, որ` «երկու կամ երեք տասնամեակի մէջ Լիպիոյ համար իտէալական ապագան պիտի ըլլայ Հիւսիսային Ափրիկէի Նորվեկիա մը. բարգաւաճ, հաւասարապաշտ եւ ապագայապաշտ»: Քազզաֆի մոլորեցուց, խաբեց ազդեցիկ, դիւրազգած մարդիկ: Ան մեր կարծածին չափ կրնայ խենթ չըլլալ:

Բազմաթիւ պատճառներ կան, թէ Լատին Ամերիկայի ձախակողմեան կառավարութիւնները ինչո՛ւ սխալ դատեցին Քազզաֆին: Անոնք յուսացին, որ Լիպիոյ առաջնորդը իրենց թշնամիին` Միացեալ Նահանգներու թշնամին է, թէեւ պատճառ մը չկար հաւատալու, որ Քազզաֆի բարեկամ է: Հիւսիսային Ափրիկէի մասին անոնք շատ բան չէին գիտեր (Չաւեզ հեռաձայնեց Քազզաֆիի` տեղեկանալու համար, թէ Թունուզի մէջ ի՛նչ կը պատահի), հետեւաբար անոնք դէմ էին այն բանին, զոր Քասթրօ անուանած էր «սուտերու վիթխարի քարոզարշաւը` շղթայազերծուած զանգուածային լրատու միջոցներու կողմէ»:

Դէպքերը վերակենդանացուցին անտեղի անձնական յիշատակներ, հետեւաբար Չաւեզի այն մեկնաբանութիւնը Լիպիոյ մասին, թէ` «ես չեմ գիտեր ինչո՛ւ, բայց հարցերը, որոնք պատահած են եւ կը պատահին Լիպիոյ մէջ, ինծի կը յիշեցնեն 11 ապրիլի Հիւկօ Չաւեզը» (2002 թուականի 11 ապրիլին Վենեզուելլայի մէջ Չաւեզի կառավարութիւնը գրեթէ տապալած էր տեղեկատուական մարզի զօրակցութեամբ):

ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԵՍՊԱՏՈՒՄ

Լիպիոյ մէջ պատահած դէպքերը չհասկնալու այլ պատճառներ կան. անոնցմէ են` տասնամեակներ տեւած ամերիկեան զինուորական միջամտութիւնները եւ Լատին Ամերիկայի մէջ տիրապետութիւնը, Ափրիկէի մէջ դիրք մը ունենալու համար Լիպիոյ ցուցաբերած օգնութիւնը Վենեզուելլայի, Լատին Ամերիկայի պետութիւններու դերը ՕՓԵՔ-ի (քարիւղ արտադրող եւրոպական երկիրներ) եւ Հարաւային Ամերիկա – Ափրիկէ գերաստիճանները եւ Վենեզուելլայի դիւանագիտական քայլերը սերտացնելու, ամրապնդելու Հարաւ-Հարաւ (Ամերիկա-Ափրիկէ) յարաբերութիւնները:

Չաւեզ նաեւ կ՛ենթադրէ, որ երկիրներու միջեւ սերտ յարաբերութիւնները կը նշանակեն մտերմիկ յարաբերութիւններ երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ. «Սէուտական Արաբիոյ Ֆահտ թագաւորը իմ մտերիմ բարեկամս էր, Ապտալլա թագաւորը բարեկամ է… Քաթարի իշխանը բարեկամ է եւ` Սուրիոյ նախագահը, ան եւս Վենեզուելլա եկաւ. եւ` Պութաֆլիքան»: Երբ Քազզաֆի («իմ հին ընկերս») եւ իր վարչակարգը ճնշող, ճզմող դարձան, ապացուցուեցաւ, որ բարեկամութիւնը խոչընդոտ է: Չաւեզ կորսնցուց առիթը` ներկայացնելու արաբական ապստամբութիւնները իբրեւ երիտասարդ քոյրերն ու եղբայրները Լատին Ամերիկայի մէջ ձախակողմեան շարժումներուն, որոնց ինք քաջածանօթ է:

Դիւանագիտական մրցավազքին մէջն է, որ յստակօրէն կը տեսնուի զարհուրելի արդիւնքը, բոլո՛ր երկիրներուն մէջ, երբ իշխանութիւնը անհատի մը ձեռքն է, եւ հրահանգները կը տրուին առանց  խորհրդարանական հսկողութեան կամ ժողովրդավարական քննարկումի: Եւ երբ, ինչպէս` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, դիւանագէտներ յանուն ժողովրդավարութեան հպարտօրէն պատերազմ կը յայտարարեն, հակադրութիւնը մասնաւորաբար շլացուցիչ է:

Քազզաֆի նախ պնդեց, որ կը պաշտպանէ Արեւմուտքին ընդդիմանալու դատը, նաեւ` պաշտպանելով բնական հարստութիւնները: Քազզաֆի ապա խաղաց իր վերջին խաղաթուղթը. կրօն: 20 մարտին Քազզաֆի բացատրեց. «Քրիստոնեայ մեծ ուժերը շղթայազերծած են նոր խաչակրութիւն մը իսլամ ժողովուրդին, նախ եւ առաջ Լիպիոյ ժողովուրդին դէմ: Նպատակն է իսլամութիւնը ջնջել քարտէսէն»: Ատկէ միայն երկու շաբաթ առաջ Քազզաֆի իր ճնշող միջոցառումները բաղդատած էր շարժումի մը հետ, որուն ընթացքին 1400 պաղեստինցի սպաննուած էր. «Իսրայէլացիները հրասայլեր ստիպուեցան օգտագործելու Կազայի մէջ գտնուող ծայրայեղականները դիմակալելու համար, եւ մենք նոյն կացութեան մէջ կը գտնուինք: Լիպիոյ բանակային ջոկատները պէտք է տեղակայուին Քայիտայի փոքր խումբերու դիմաց»: Ասիկա անկասկած պիտի աւելցնէր իր ժողովրդականութիւնը արաբական աշխարհին մէջ:

Բայց ատիկա առնուազն մէկ առաքինութիւն ունի: Փաստացի կը դարձնէ քաղաքական վնասակար ազդեցութիւնը լեզուին, որ կը ցոլացնէ հակառակը արդի-պահպանողական խօսակցութիւնը խաչակիրներու եւ կայսրութիւններու վերաբերեալ:

Արաբական ապստամբութիւնները իրենց հատուածական եւ կրօնական զօրակցութեամբ եւ ընդդիմութեամբ կրնան վերջ տալ հակակայսերապաշտական ըլլալու մասին հռետորութեան, երբ պարզապէս այդ շարժումը հակաարեւմտեան է:

ՇՐՋՈՒԱԾ ԱՐԵՒԵԼԱԿԱՆԱՑՈՒՄ

1979 թուականի Իրանի յեղափոխութենէն կարճ ժամանակ մը ետք, արմատական սուրիացի մտածող Սատիք Ժալալ Ազմ սահմանեց եւ քննադատեց «Շրջուած արեւելականացում» մը, որ կը զգուշացնէր, կը խուսափէր հատուածական ազգայնական եւ համայնավար յեղափոխութենէ, եւ փոխարէնը կ՛ուզէր կրօնական վաւերականութիւնը` իբրեւ զէնք Արեւմուտքին դէմ: «Զարգացական» այս հայեցակարգին գլխաւոր դրոյթները Ժիլպերթ Աշքար ամփոփած եւ հերքած է հետեւեալ ձեւով. «Արեւելքի ազատագրումի աստիճանաչափը պէտք չէ եւ կարելի չէ չափել արեւմտեան արժէքներով եւ չափանիշով, ինչպէս` ժողովրդավարութիւնը, հատուածականութիւնը, կիներու  ազատագրումը, թէ` իսլամական արեւելքը կարելի չէ ըմբռնել արեւմտեան ընկերային գիտութիւններու հմտաբանական գործիքներով, եւ թէ` արեւմտեան երեւոյթներու հետ ոչ մէկ նմանութիւն տեղին է, թէ` իսլամական պատմութեան մէջ բանալի շարժիչ գործօնը, հիմնական բաղադրիչը իսլամ զանգուածները շարժումի մղող մշակութային, այսինքն կրօնական է` նախընթաց ունենալով տնտեսական ընկերային-դասակարգ գործօնները, որոնք կը պայմանաւորեն արեւմտեան քաղաքական ուժականութիւնները, թէ` միակ ուղին իսլամական հողերուն դէպի իրենց վերածնունդը իսլամութեան ընդմէջէն է, եւ թէ` շարժումները, որոնք «իսլամութեան վերադարձ» պաստառներ կը բարձրացնեն, հակադարձ կամ յետադարձ շարժումներ չեն, ինչպէս որ արեւմտեան ոսպնեակներէն կը տեսնուին, այլ իսկապէս յառաջդիմական շարժումներ են` դրդուած արեւմտեան մշակութային տիրապետութենէն»:

Արմատական, ծայրայեղական քաղաքական մտապատկերը ամբողջովին չէ անհետացած, բայց Թունուզի ցնցիչ ալիքները ենթադրել կու տան, թէ ատոր տեղին ըլլալը հարցականի տակ կ՛առնուի արաբական երկիրներու մէջ, ուր ժողովուրդը այլեւս չ՛ուզեր «Արեւմուտքի հետ կամ դէմ» ըլլալ, եւ ուր անոնք հաւասարապէս կը քննադատեն պետութիւնը, որ ամերիկամէտ (Եգիպտոս) կամ անոր (Սուրիա) դէմ է: Առանց վախնալու քաղաքացիական ազատութիւններէն, ազատ խօսքէն, ժողովրդավարական քաղաքականութիւններէն, աշխատաւորական համադաշնակցութիւններէն եւ կիներու իրաւունքներէն (որոնք արեւմտեան առաջնահերթութիւններ կը ձեւացուին իբրեւ համընդհանուր ազատագրում) արաբական աշխարհի ժողովուրդները սկսած են որդեգրել ատոնք` իբրեւ նշան մենատիրութեան մերժումի, ընկերային անարդարութեան դէմ բողոքի եւ ընդդէմ ոստիկանական պետութեան, զոր կը ղեկավարեն իրենց ժողովուրդները երեխաներու տեղ դրած ծեր մարդիկ:

Այս մեծ մղումը, նման` յեղափոխական այլ շարժումներու, այս արտասովոր ընկերային եւ ժողովրդավարական յաղթանակները, այս ուժականութեան, եռանդի պայթումը տեղի կ՛ունենան, երբ «Արեւմուտքը» կը թուի երկփեղկուած ըլլալ վախի եւ անտարբերութեան, անզգայութեան միջեւ, փտախտաւոր քաղաքական համակարգով, ինքնաբերաբար վազելով դէպի նոյն ելքերը եւ նոյն շահերուն համար, անկախ այն բանէն, թէ ո՛ր քոալիսիոնն է իշխանութեան վրայ:

Երաշխիք չկայ, թէ արաբական երկիրներու ժողովուրդներուն խիզախութիւնն ու եռանդ-ուժականութիւնը պիտի շարունակուին` դիւրին յաղթանակներ արձանագրելով: Բայց անոնք բաց են անծանօթ հաւանականութիւններու դիմաց:

ՄԱԿ-ի թիւ 1973 բանաձեւի 20-րդ կէտին մէջ Ապահովութեան խորհուրդը «կը հաստատէ իր վճռակամութիւնը` վստահեցնելու, որ (լիպիական) կալուածներն ու գումարները, որոնք սառեցուած են (նախկին բանաձեւով) մեծ մասամբ, որքան կարելի է շուտ, տրամադրելի պիտի ըլլան ի շահ Լիպիոյ Արաբական Հանրապետութեան ժողովուրդին»: Հետեւաբար կալուածներն ու գումարները կրնան սառեցուիլ եւ վերադարձուիլ ժողովուրդին: Այս դասը վստահաբար պիտի յիշուի, թէ պետութիւնը կրնայ ծառայել ժողովուրդին: Վերջին քանի մը ամիսներուն արաբական աշխարհը մեզի յիշեցուց տիեզերական այլ ճշմարտութիւն մը. ժողովուրդը կրնայ ձեւաւորել, կերտել պետութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES