Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մէջ Հենրիխ Մխիթարեան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նախորդ շաբաթավերջին Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին Մեթալուրկ Տոնեցքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (4-0) տուպլէ մը իրագործեց, ախոյեանութեան գծով նոր մրցանիշ մը հաստատեց` նշանակելով իր 16-րդ կոլը (նախկին մրցանիշն էր 15 կոլ) եւ կատարելով իր 14-րդ մրցումը անոր հետ:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Մխիթարեան այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան: Նոյնքան ժամանակով մրցումին մասնակցեցաւ նաեւ հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան, որ մաս կը կազմէ Մեթալուրկի:
Հաւաքականին մաս կազմող այլ մարզիկ մը` Գէորգ Ղազարեան (Մեթալուրկ), 62-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Արտակ Եդիգարեանով:
CATEGORIES Մարզական

