Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքները, յայտարարեց, որ յառաջիկայ 7 դեկտեմբեր 2012-ին պիտի սկսի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, 2012-2013 տարեշրջանը պիտի սկսի յառաջիկայ 14 դեկտեմբեր 2012-ին:

Ֆետերասիոնի ժողովին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան յառաջիկայ ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ին Սանթրալի վարժարանին մէջ տեղի ունենալիք նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն գծով:

Աւարտին ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես շնորհակալութիւն յայտնեց ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթին, որ չորս տարի վարեց իր պաշտօնը:

 

Share this Article
CATEGORIES