Հայաստան – Լիթուանիա Մրցումով. Սարգիս Յովսէփեան Այսօր Վերջնականապէս Կը Լքէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը հիւրընկալէ Լիթուանիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մրցումը պիտի ըլլայ յատկանշական եւ թերեւս քիչ մըն ալ յուզիչ, որովհետեւ վեթերան ֆութպոլիստ Սարգիս Յովսէփեան վերջին անգամ պիտի տեսնուի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ, այսպիսով կատարելով իր հրաժեշտի մրցումը` 20 տարի իբրեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստ ելոյթ ունենալէ ետք:
Ան Հայաստանի շապիկը կրած է 131 մրցումի ընթացքին:
Երէկ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ըսաւ, որ հաւաքական հրաւիրուած 24 ֆութպոլիստներէն Հայաստան պիտի չժամանեն միայն Եուրա Մովսիսեան եւ Արտեոմ Խաչատուրով:
Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ հակառակ իր ունեցած կարգ մը բացակայ մարզիկներուն, նորեկ մարզիկներ դաշտ պիտի չներկայացնէ, այլ հիմնական կազմով մը պիտի մասնակցի այս մրցումին:



