2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Այսօր` Քաթար – Լիբանան

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Տոհայի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Քաթարի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 16:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Անցնող երկու օրերուն ընթացքին Քաթար ժամանեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբի փոխնախագահ Ահմետ Ամարէտտին եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Նշենք, որ նախարար Քարամէ նախորդ շաբաթավերջին իւրաքանչիւր մարզիկի եւ պատասխանատուի խոստացաւ 10-ական հազար ամերիկեան տոլարի նիւթական պարգեւ մը, անշուշտ եթէ «մայրիներու խումբը» յաղթական վերադառնայ հայրենիք:

Երկու խումբերուն մարզիչները եւ խմբապետները երէկ տուին մամլոյ ասուլիս մը` անդրադառնալով այս մրցումին: Անոնց կողքին էին նաեւ անոնց մարզական լրագրողները:

Լիբանանի գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքըր տեղի ունեցած փորձերուն ընթացքին ըսաւ, որ ինք ինքնավստահ է, որ իր մարզիկները յուսախաբ պիտի չընեն զինք, եւ երեք կէտով խումբը կը վերադառնայ Պէյրութ:

Նշենք, որ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիայէն:

Share this Article
CATEGORIES