50 Տարի Առաջ (15 Նոյեմբեր 1962)

Լիբանանահայ Գաղութին Մեծ Կորուստը

Վեթերան Դաշնակցական Եւ Հանրային Գործիչ
Ընկեր Արամ Սահակեան Երէկ Կէսօրէ Ետք
Անակնկալօրէն
Փակեց Իր Աչքերը, Պէյրութի Մէջ,
Յետ
Կարճատեւ Հիւանդութեան 

Իր Մահը Խոր Սուգի Մատնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Ընտանիքը
Ի
Սփիւռս Աշխարհի, Լիբանանահայ Ազգային Եւ Հանրային Կազմակերպութիւնները
Եւ
Իր Արժէքը Գնահատող Հայկական Բազմութիւնները

Խոր յուզումով կը սգանք վաղաժամ մահը մեր շատ սիրելի ընկերներէն ընկեր Արամ Սահակեանի, որ այնքան անակնկալօրէն եւ հազիւ քանի մը օր տեւած ծանր հիւանդութեան մը իբրեւ հետեւանք` փակեց իր աչքերը` սուգի մատնելով իր հարազատներուն հետ, նաեւ իր ընկերներու եւ բարեկամներու ստուար բազմութիւնը:

Առողջ էր մինչեւ անցեալ ուրբաթ եւ, ըստ սովորականի, շատ զուարթ տրամադրութեամբ: Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, կ՛ունենայ անակնկալ տագնապ մը` անտանելի ցաւերով եւ ջերմութեան բարձր աստիճանով: Մասնագէտ բժիշկներու ջանքերով` բժշկագիտական բոլոր միջոցները ի գործ կը դրուին` բարդութեանց առաջքը առնելու համար: Եւ սակայն հիւանդութիւնը հետզհետէ կը յառաջանայ, եւ ստեղծուած այդ վտանգաւոր կացութեան մէջ, չորեքշաբթի առտու կանուխ, բժիշկները, յետ խորհրդակցութեանց, անհրաժեշտ կը գտնեն հիւանդանոց փոխադրել մեր ընկերը, այնտեղ դարմանելու եւ ի հարկին` վիրաբուժական գործողութեան ենթարկելու համար: Ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցը փոխադրութենէն անմիջապէս ետք վիճակը առաւել եւս կը ծանրանայ եւ կ՛որոշուի անմիջապէս գործողութիւն կատարել: Գործողութեան արդիւնքով երեւան կու գայ, որ ունեցած է արեան թունաւորում (սեփթիսեմի)` իբրեւ հետեւանք լեարդի եւ լեղուցքի ժահրային բորբոքման: Գործողութենէն ետք կ՛աւանդէ հոգին:

Այս անսպասելի մահը տխրութեամբ համակեց բոլոր անոնք, որոնք այնքան կը սիրէին ողբացեալ Արամը` անոր մէջ ճանչցած ըլլալով անձնուէր հայրենասէրը եւ հանրային վաստակաւոր գործիչը:

Մասնաւորաբար զինք կը սգայ լիբանանահայ գաղութը, որ իր կազմութեան օրերէն մինչեւ այսօրուան իր բարգաւաճ վիճակը, մեծ բան կը պարտի ընկեր Արամ Սահակեանի անխոնջ նուիրումին եւ արդիւնաշատ գործունէութեան:

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը, իր կարգին, խոր վշտով համակուած, կը սգայ մեծ կորուստը մեր հանգուցեալ ընկերոջ, որ այս թերթի հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր եղաւ իր գործակիցն ու խորհրդակիցը:

Պիտի անդրադառնաք իր կեանքին ու գործին:

                                ***

Արամ Սահակեան ծնած է 1897-ին, Ուրֆա: Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ ծնողքը եւ կը կրէ որբութեան բոլոր զրկանքները: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ուրֆայի Բողոքականաց վարժարանին մէջ:

Տասնչորս տարեկան պատանի հասակին կը մեկնի Այնթապ, ուրկէ կու գայ Պէյրութ եւ կ՛աշխատի Սարաֆեան հաստատութեան մէջ: Այդ թուականէն սկսեալ Սահակեան բնական հակում մը կը զգայ իր մէջ դէպի հանրային-հասարակական կեանքը եւ կը մտնէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը, ուր աչքի կը զարնէ իր ժրաջանութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն կ՛անցնի Դամասկոս, ուր խմբակ մը կազմելով կը ճեղքէ անապատը` միանալու համար Շերիֆ Հիւսէյնի ուժերուն: Շնորհիւ այս վերջինին` Արամ Սահակեան իր խումբով կը հասնի Եգիպտոս, ուր կամաւոր կ՛արձանագրուի հայկական լեգէոնին մէջ` ղրկուելով Կիպրոս:

Պատերազմէն ետք կը վերադառնայ Պէյրութ, ուրկէ կ՛անցնի Ուրֆա եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Ուրֆայի երկրորդ հերոսամարտին: Ֆրանսացիներուն քաշուելէն եւ Ուրֆայի գաղթէն ետք, վերստին կու գայ Պէյրութ, ուր կ՛ամուսնանայ Եղիսաբէթ Յովնանեանի հետ: Այդ թուականէն` 1920-էն մինչեւ իր մահը, հանրային, ազգային, կուսակցական, հրապարակագրական եւ գրական ճակատներու վրայ, ընկ. Արամ Սահակեան ունեցաւ աչքառու եւ գնահատելի գործունէութիւն` իբրեւ կեդրոնական դէմք եւ հեռատես ու իրապաշտ ղեկավար:

Բազմաթիւ անգամներ եղած է Լիբանանի կուսակցական պատասխանատու մարմիններու անդամ եւ Լիբանանի կազմի ներկայացուցիչ: Երկու անգամ մասնակցած է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու, իսկ վերջին տարիներուն մաս կը կազմէր մեր կուսակցութեան գերագոյն մարմինին:

Հանրային ու կուսակցական բեղուն գործունէութեան տէր մեր ընկերը նաեւ գնահատելի նուաճումներ ունեցաւ գրական ճակատի վրայ` շնորհիւ իր յամառ ինքնաշխատութեան եւ արուեստի հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն:

Տարիներու ընթացքին հրատարակեց շարք մը արժէքաւոր գործեր, ինչպէս` «Բանտի աշխարհէն», «Մահուան պէս զօրաւոր» (որ թարգմանուեցաւ նաեւ արաբերէնի), «Անահիտ Մանուկեանի օրագիրը», «Հայրենաբաղձ Սարգիս»-ը, «Քերթուած գարնան գիշերուան», «Ահաւասիկ Ամերիկան»: Երկասիրած է նաեւ ազգագրական գործեր, ինչպէս` «Ուրֆայի հերոսամարտը» եւ «Ուրֆայի յուշապատումը»:

Բացի այդ, իր թանկագին աշխատակցութիւնը բերած է «Ազդակ»-ի հանրային ու կուսակցական շահեկան յօդուածներով: Քանի մը տարի վարած է «Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ի խմբագրութիւնը, իսկ վերջին տարիներու ընթացքին «Բժիշկ» ամսագրի վարչական պատասխանատուն էր եւ հիմնադիրներէն մէկը:

Իր մահով լիբանանահայ գաղութը կը կորսնցնէ նաեւ արժէքաւոր բեմբասաց մը, որ գիտէր խօսիլ ժողովուրդի զգացումներուն` խանդավառութեան ալիքներ բարձրացնելով:

Յարգա՜նք իր անմոռանալի յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES