Մեր Զաւակները Եւ Մենք Օգնենք, Որպէսզի Սիրեն Իրենց Մահճակալը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Նորածինի մը առաջին գիշերները դժուար թէ հեզասահ անցնին: Լաց, խուճապի մատնուած ծնողներ, լարուած մթնոլորտ…

Ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի մանուկը առաջին իսկ օրերէն սիրէ իր մահճակալը, հանգիստ ու ապահով զգայ իր նոր բոյնին մէջ, եւ վերջ գտնեն  գիշերային մղձաւանջները:

Ընտրեցէք Զինք «Ըկնկալող»
Մահճակալ Մը

Մանուկին մահճակալը պէտք է ըլլայ փոքրիկ, իր չափերուն համապատասխան: Մօր արգանդէն նոր դուրս եկած երեխան պէտք է ապահով զգայ իր բոյնին մէջ:

Մահճակալը թող  օժտուած ըլլայ բամպակեայ փափուկ բարձով, սաւաններով եւ վերմակով: Ձեր թեւերուն մէջ թէ մահկալաին, երեսխան հաճոյք կ՛առնէ, երբ պարուրուած կը զգայ: Մինչդեռ մեծ չափի մահճակալի մը մէջ աան խորթ ու կորսուած պիտի զգայ եւ բնականաբար պիտի չուզէ հոն մնալ:

Կարեւոր է նաեւ, որ երեխային մահճակալը թէ՛ սենեակին մէջ եւ թէ՛ սենեակէն դուրս տեղէ տեղ չփոխադրուի, ան պէտք է ընտելանայ իր անկիւնին եւ միջավայրին եւ քանի մը օրը անգամ մը տեղ չփոխէ:

Սպասեցէ՛ք, Որ Քունը Գայ

Երեխան մահճակալին մէջ դրէք, երբ զգաք, որ քունը եկած է: Եթէ ան կը յօրանջէ, աչքերը կը շփէ, ականջը կը բռնէ կամ կը սկսի անհանգստութեան նշաններ ցոյց տալ, կը նշանակէ, թէ յոգնած է ու քնանալ կ՛ուզէ:

Եթէ այս հանգրուանին զինք անկողին դնէք, ան դժգոհելու կամ նեղանալու առիթ պիտի չունենայ: Մինչդեռ կայտառ երեխան, լարուած խաղալիքի մը նման, ճշդուած ժամերու անկողին դնելով եւ ստիպելով, որ քնանայ, կը մղէք «ըմբոստութեան», ան բնականաբար պիտի դժգոհի եւ մահճակալը ատելի վայրի մը պիտի վերածուի անոր համար:

Շփման Մէջ Եղէք

Առաջին 3 ամիսները երեխան յաճախ ձեռքէ ձեռք գիրկէ գիրկ կ՛անցնի, եւ ատիկա բնականաբար հաճոյք կը պատճառէ եւ որոշ ապահովութիւն մը կու տայ իրեն: Բայց 3 ամիս ետք ան պէտք է վարժուի պառկիլ իր մահճակալին մէջ: Մահճակալին հետ ընտելացումը մէկ օրէն միւսը չ՛ըլլար, հետեւաբար անոր կողքին եղէք, անուշ խօսքեր շշնչացէք ականջին, շոյեցէք գլուխը, բայց երբեք մի՛ վերցնէք մահճակալէն:

Ձգեցէ՛ք, Որ Խաղայ

Արթննալէ ետք, եթէ երեխան չի լար, մի՛ վազէք եւ մահճակալէն մի՛ վերցնէք: Ձգեցէք, որ խաղայ իր խաղալիքներով:

Երեխային մահճակալը խաղալիքներով մի՛ խճողէք, բարձրէն կախուած թեթեւ եւ շարժուն խաղալիք մը բաւարար է, որ զբաղցնէ աչուկները նոր բացած մանուկը:

Խուսափեցէք Բացարձակ
Լռութիւն
Հաստատելէ

Երեխան հազիւ աչքերը փակած` պէտք չունիք ձեր ոտքի մատներուն վրայ քալելու, որպէսզի ան չարթննայ: Մօր արգանդին մէջ անոր կը հասնէին դուրսի աշխարհի բոլոր ձայները, որոնց հետ ան արդէն ընտելացած է: Ան պէտք է վարժուի իր շուրջ տիրող ձայներուն, որոնք իր առօրեային մաս պիտի կազմեն:

Անշուշտ պէտք է զգուշանալ երեխան ցնցող, անհաճոյ որեւէ ձայնէ:

 

Կոշտացած Կամ Ճաթռտած
Կրունկներու Դարմանում

Որոշ տարիքէ ետք մեր ոտքերուն կրունկները կը կոշտանան ու կը ճաթռտին. պէտք է ժամանակին դարմանել զանոնք, այլապէս ճաթռտուքները կրնան աւելի խորանալ, ցաւիլ ու բարդութիւններու դուռ բանալ:

Ահաւասիկ քանի մը թելադրանք` դարմանելու համար ճաթռտած կրունկները:

1

Մաքուր, լուացուած ոտքերը լաւ ցամքեցնել, վազելինով մարձել կրունկին բաժինը, գուլպայ մը հագնիլ եւ ամբողջ գիշեր մը այդպէս պառկիլ: Ամբողջ շաբաթ մը նոյն գործողութիւնը կրկնելէ ետք, առնել բժշկական խարտոց մը եւ մեղմ շարժումներով փորձել քերթել մեռած բջիջները:

2

Առնել ալոէի տերեւ մը, մանրել եւ դնել կոշտացած կրունկին վրայ, փաթթել կերպընկալ թերթով, վրայէն բամպակեայ գուլպայ հագնիլ եւ ամբողջ գիշեր մը պահել:

Կրկնել քանի մը անգամ, մինչեւ որ բարելաւում նկատուի:

3

Եթէ կրունկները շատ կոշտացած են եւ մակերեսը խորդուբորդ դարձած է, օճառով լուալ ցամքեցնել: Առնել կեղուըւած խոշոր սոխ մը, մէկ վայրկեան եռացած  ջուրի մէջ պահել, ապա կիսել ու կրունկին կոշտացած մասերուն վրայ դնել: Փաթթել կերպընկալ թերթով: Առաւօտեան բժշկական խարտոցով մաքրել մեռած բջիջները: Վերջաւորութեան կրունկները օծել ձէթով:

4

Կիտրոնի կեղեւը մանրել այնքան մը, որ խիւսի վերածուի, խառնել կանաչ թէյի մանրուած տերեւներուն, շոգիի միջոցով տաքցնել եւ դնել կրունկներուն վրայ: Փաթթել կերպընկալ թերթով եւ պաշտպանել գուլպայով:

5

Կոշտացած կրունկները կարելի է փափկացնել, քանի մը օր զանոնք մարձելով ձիթաիւղի եւ ծովային աղի խառնուրդով:

 

Մեր Առօրեան
Դիւրացնող Հնարքներ

1

 

 

 

 

 

 

Հաւկիթին թարմութիւնը ստուգելու համար գաւաթ մը աղի ջուրի մէջ զետեղեցէք զայն: Թարմ հաւկիթը հորիզոնական կը պառկի, կէս թարմ հաւկիթը ուղղահայեաց դիրքով կը մնայ, մինչ անգործածելի հաւկիթը կը ծփայ ջուրին երեսը:

2

 

 

 

 

 

 

 

Որպէսզի կտրտուած սմբուկը քիչ ձէթ ծծէ, կտորները թաթխեցէք հաւկիթի ճերմկուցի մէջ եւ ապա տապկեցէք:

3

 

 

 

 

 

 

Թարմ եւ հասած քիուին մատներու ճնշումին տակ պէտք է տեղի տայ: Անոր մաշկը պէտք է ըլլայ բաց գոյնի եւ ողորկ: Հրաժարեցէք շատ կարծր կամ փոթ-փոթ մաշկով տեսակներէն:

4

 

 

 

 

 

Եթէ կը փափաքիք անանասի տունկ մը ունենալ, գնեցէք թարմ եւ ոչ դեղնած տերեւներով անանաս մը, տերեւներէն վար 2 սմ. չափեցէք եւ կտրեցէք: Բաց աման մը մէջ շատ քիչ ջուր դրէք եւ գլխատուած բաժինը ամանին մէջ զետեղեցէք: Երբ նկատէք, որ յատակէն ծիլեր արձակած է, զայն ցանեցէք հողի եւ աւազի խառնուրդի մէջ:

 

Խոհագիր

Լաւաշ Հացով Ախորժաբերներ

Բաղադրութիւն

1 պզտիկ հազար
1 պզտիկ փունջ սամիթ
1 լաւաշ հաց
200 կր. խոզապուխտ
1 կարմիր քաղցր պղպեղ
100 կր. կակուղ պանիր (ըստ ճաշակի)

Թացանի բաղադրութիւն

1 պզտիկ փունջ ռեհան
100 կր. ֆէթա պանիր
150 մլ. մածուն
1 պճեղ սխտոր
3 ճաշի դգալ ձիթաիւղ
աղ, պղպեղ

Պատրաստութիւն

Հազարն ու սամիթը լուալ, չորցնել: Հազարը կտրտել զայն շերտելով, սամիթը մանրել: Պղպեղը լուալ, միջուկը հանել եւ բարակ շերտել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հալած պանիրն ու սամիթը խառնել, ստացուած խիւսը լաւաշին վրայ տարածել, վրան շարել հազարի տերեւները, խոզապուխտը եւ պղպեղը: Լաւաշը գլանաձեւ ոլորել, ապա կերպընկալ թուղթի մէջ փաթթել եւ սառնարանը պահել շուրջ կէս ժամ:

Թացանին համար` սխտորը ճզմել, աւելցնել մանրուած ռեհանին վրայ: Ապա ձիթաիւղին մէջ պատառաքաղով ճզմել ֆէթա պանիրը եւ աւելցնել ռեհանին ու սխտորին վրայ:

Աղել, համեմել եւ ստացուած միատարր թացանը լեցնել ներկայանալի, փոս ամանի մը մէջ եւ սեղան բերել, սառնարանէն հանուած ու շերտուած լաւաշի կտորներուն հետ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հանդիպում

Ա՛ն, ահա հո՜ն, Ան է նստա՜ծ քայլ մ՛անդին…
Ա՛ն, յոյսերուս համբուրելի՜ գերանդին…
Ա՛ն, անուշա՜կ, երազունա՜կ, ահաւոր,
Ա՛ն խենթեցնող ունայնութի՜ւնը աղուոր…:

Ա՛ն, ահա հո՛ն: Ու ձայնն իրեն, քայլ մ՛անդին
Կը գգուէ զիս ինչպէս առուն` մարմանդին
Քամած իրանը կը գգուէ տարփաւոր.
Ճլճլալով իր հեղուկ սէրն անցաւոր…:

Ա՛ն, ահա ա՛ն, որ գիշեր մ՛ինձ սրտագրաւ
Յայտնուեցաւ յանկարծ. երա՞զ, թէ իրա՞ւ…
Ա՛ն, ահա ա՛ն, եղեռնօրէն կանացի…:

Իրեն համար ցայգեր ամբողջ ողբացի,
Աստանդական փնտռեցի հե՜տքն իր բողբո՜ջ…
Ա՛ն է. ու ես քամուած կու լամ հոն դողդոջ…:

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ

18 մարտ 1910

Share this Article
CATEGORIES