Գաղութէ-Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Թեհրան
«Հայ Դատն Այսօր»
9-րդ Խորհրդաժողովը
Նոյեմբեր 1-ին «Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «Հայ դատն այսօր» 9-րդ երկօրեայ խորհրդաժողովին` «Հայ դատի արդար լուծման հեռանկարները» խորագրով:
Առաջին նիստը բացուած յայտարարեց Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Սուրիկ Աբնուսեան: Նիստը վարեցին «Ալիք» հաստատութեան տնօրէն Վարուժ Յովհաննէսեան, Հենրիկ Խալոյեան եւ Սպահանի Հայոց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նոէլ Մինասեան:
Խորհրդաժողովի առաջին բանախօսն էր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ խօսեցաւ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիրքորոշումները` որպէս Ցեղասպանութեան ուղղակի զոհը, եւ գործունէութիւնը` Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ, հեռանկարները` մինչեւ Հայոց մեծ եղեռնի 100-ամեակ» նիւթի մասին:
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի զեկոյցը ներկայացուց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան, իսկ Թեհրանի Հայ դատի գրասենեակի զեկոյցը` Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Սուրիկ Աբնուսեան:
Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի անունով բանախօսեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
«Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա, քաղաքական կացութեան գնահատում, Միացեալ Նահանգների եւ Եւրոպայի դիրքորոշումները` Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ, հեռանկարները` մինչեւ Հայոց մեծ եղեռնի 100-ամեակ» թեմայով զեկուցեց Գասպար Կարապետեան:
Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան առաջին նիստը վարեցին Իսլ. խորհրդարանի մէջ հիւսիսային իրանահայութեան նախկին պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեան, Արմենուշ Առաքելեան եւ Նոէլ Մինասեան:
Զեկոյցներով հանդէս եկան` Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան` «Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումները եւ գործունէութիւնը` Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, հեռանկարները` մինչեւ Հայոց մեծ եղեռնի 100-ամեակ» թեմայով, «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան` «Հայաստանի դիրքորոշումներն ու գործունէութիւնը` Հայ դատի եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ, հեռանկարները` մինչեւ Հայոց մեծ եղեռնի
100-ամեակ (ՀՅԴ-ի դիտանկիւնէն)»թեմայով, Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեռնիկ Յովհաննէսեան` «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգավիճակը` տարածաշրջանին մէջ եւ նախատեսելի հեռանկարները» թեմայով, իրանագէտ, աւագ գիտաշխատող, գիտութիւններու թեկնածու, Գոհար Իսկենտերեան` «Հայկական հարցը` Իրանի արտաքին քաղաքականութեան պարունակում» թեմայով եւ Իսլ. խորհրդարանի հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան` «Հայկական հարցը` Իրանի արտաքին քաղաքականութեան պարունակում» թեմայով:
Օրուան երկրորդ նիստին ելոյթ ունեցաւ Արտակ Շաքարեան` «Թուրքիոյ ներքին քաղաքական եւ հասարակական կացութիւնը» թեմայով, Գրիգոր Ղազարեան` «Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հաւանական փոփոխութիւնները` Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ դատի նկատմամբ, հեռանկարները` մինչեւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակ» թեմայով, «Ալիք» օրաթերթի խմբագրակազմի անդամ Արամ Շահնազարեան` «Քրտական գործօնը` Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ դատի նկատմամբ, հեռանկարները` մինչեւ Հայոց մեծ եղեռնի 100-ամեակ» թեմայով, Կիրօ Մանոյեան` «ՀՅԴ Հայ դատի ռազմավարութիւնը» թեմայով եւ Իսլ. խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր տոքթ. Կարէն Խանլարեան իր զեկոյցին մէջ մատնանշեց Հայ դատի ռազմավարական բաղադրիչները` ա) Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում, բ) հողային պահանջատիրութիւն:
Երկօրեայ խորհրդաժողովի աւարտին որպէս եզրափակիչ ելոյթներ` խօսք առին Կիրօ Մանոյեան, Գասպար Կարապետեան, Հենրիկ Խալոյեան եւ Սուրիկ Աբնուսեան:
«Քաջ Նազար»-ի Բեմադրութիւնը
Մշակոյթի օրուան առիթով, 31 հոկտեմբերին եւ 1,2,3 նոյեմբերին Հ. Մ. «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան «Փարոս» թատերախումբը բեմադրութեամբ, Հայրիկ Աղանեանի, ներկայացուց Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար» կատակերգութիւնը` երգային եւ պարային բաժիններով, մշակում եւ երաժշտութիւն` Նարեկ Դուրեանի:
Գլխաւոր դերակատարներն էին` Ամուր եւ Արէն Զարգարեաններ, Շաղիկ Օհանեան եւ Կիրօ Խաչատուրեան:
3 նոյեմբերի բեմադրութեան աւարտին գնահատական խօսքերով հանդէս եկան ՀՄ «Սիփան» միութեան վարչութեան անդամ Ժոզեֆ Մեհրապեան եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Աստղիկ Բաբայեան:
Զէյթուն Քաղաքամասի Պատգամաւորներն
Այցելեցին ՀՄ «Նայիրի» Միութեան
Նոր Կառուցուող Շէնք
Հոկտեմբեր 26-ին, Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի Զէյթուն քաղաքամասի պատգամաւորները այցելեցին Հ Մ «Նայիրի» միութիւն եւ հանդիպում ունեցան միութեան վարչութեան կազմին, շինարարական յանձնախումբին եւ նոյն յանձնախումբի նիւթականի պատասխանատուին հետ:
Միութեան վարչութեան նախագահ Ալֆրետ Քէշիշեան ներկայացուց շինարարական յանձնախումբին անդամները եւ նիւթականի պատասխանատու Էդիկ Շահբազեանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում` միութեան ընթացիկ շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Այնուհետեւ անոնք այցելեցին շինարարական աշխատանքներու վայրը եւ մօտէն հետեւեցան տարուող աշխատանքներուն:
Նոր Ջուղա
Ջաւախքին Նուիրուած Ազգային Եւ
Յեղափոխական Երգերու
4-րդ Մրցոյթ–Փառատօն
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 25-26 հոկտեմբերին Հայ Մ Մ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքին նուիրուած ազգային-յեղափոխական երգերու 4-րդ մրցոյթ-փառատօնը, որուն ընթացքին ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան 11 երգիչ-երգչուհիներ` Շահինշահրէն եւ Նոր Ջուղայէն:
Մրցոյթի դատական կազմի անդամներն էին` մեներգչուհի եւ ձայնամարզութեան ուսուցիչ Օֆիկ Մելիքեան, ստեղնաշարային գործիքներու կատարող, երգիչ եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Արմէն Ասատուրեանի եւ յեղափոխական երգերու մենակատար Արթին Քէշիշեան:
Աւարտին առաջին հանդիսացաւ Վանայ Շիրվանեան, երկրորդ` Թանիա Մինասեան, իսկ միասնաբար երրորդ տեղը գրաւեցին երեք մասնակիցներ` Մարտիկ Յովհաննիսեան, Սարմէն Շահմիրզայեան եւ Կարէն Խանլարեան:
Յանձնախումբը, փառատօնին զուգահեռ, կազմակերպած էր նաեւ նուիրահաւաք` ի նպաստ Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան:
Դասախօսական Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին, 4 նոյեմբերին Նոր Ջուղա ժամանեցին «Հայ դատն այսօր» 9-րդ խորհրդաժողովի զեկուցաբերներ` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու ասպար Կարապետեան, պատմաբան, Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեռնիկ Յովհաննէսեան, իրանագէտ, աւագ գիտաշխատող, գիտութիւններու թեկնածու, Գոհար Իսկենտերեան եւ թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արտակ Շաքարեան:
Նոյն օրը շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հաղորդավար Վերգինէ Միրզախանեան, որ հերթաբար ներկայացուց իւրաքանչիւր զեկուցաբերի հակիրճ կենսագրականը:
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի զեկոյցը փոխանցեց Գասպար Կարապետեան: Այնուհետեւ հերթաբար ելոյթ ունեցան Գոհար Իսկենտերեան` «Հայկական հարցը` Իրանի արտաքին քաղաքական համաթեքսթում» նիւթով, Լեռնիկ Յովհաննէսեան` «Հողային պահանջատիրութիւնը` Արցախի հիմնահարցի պարունակում» նիւթով եւ Արտակ Շաքարեան` «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցը» թեմայով:
Փարիզ
Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական Ազգային
Խորհրդանշաններ» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Հոկտեմբեր 25-ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական ազգային խորհրդանշաններ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ֆրանսայի ծխական թեմի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան ներկայացուց Հայկ Դեմոյեանը: Ան շեշտեց, որ գիրքը շատ արժէքաւոր աշխատանք է, ուր ներկայացուած են հայկական մատենագրութեան, ճարտարապետութեան, պատկերաքանդակներու, լուսանկարներու եւ նիւթական մշակոյթի այլ օրինակներուն մէջ պահպանուած հայկական զինանշանները, դրօշները, պետական ու ազգային խորհրդանշանները:
Հայկ Դեմոյեան իր կարգին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ, որ հայկական պետականութեան կարեւորագոյն տարրերէն մէկը հայկական զինանշանային համակարգն է, որուն ակունքները կու գան հին ժամանակներէ:
Միացեալ Նահանգներ
Հիմնարկէք Լաս Վեկասի Եկեղեցւոյ
Մշակութային Տան
Հոկտեմբեր 20-ին, նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի հանդիսապետութեամբ, մասնակցութեամբ ծուխի նոր հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի եւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի, կատարուեցաւ Լաս Վեկասի Հայց. եկեղեցւոյ հողատարածքին վրայ կառուցուելիք մշակոյթի տան հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Արարողութենէն առաջ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ֆրետ Գրիգորեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Վաչէ արք. Յովսէփեան խօսք առնելով` փոխանցեց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գնահատութիւնն ու օրհնութիւնը, ապա իր կարգին գնահատեց ծխական խորհուրդին ծառայութիւնը, շնորհաւորեց Նարեկ Ա. քահանայի նշանակումը եւ կոչ ուղղեց Լաս Վեկասի Հայց. եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդին` համախմբուելու ու միասնաբար կառուցելու իրենց մշակութային տունը, ապա` եկեղեցին:
Այս ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ Մոսկուայէն Լաս Վեկաս գտնուող երիտասարդ մը 50 հազար ամերիկեան տոլար կը նուիրէ կառուցուելիք մշակութային տան եւ եկեղեցւոյ: Եղան նաեւ այլ նուիրատուութիւններ:
Ցուցահանդէս` Նուիրուած
Հայ Տպագրութեան 500-ամեակին
Կազմակերպութեամբ Ուաթըրթաունի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին, 28 հոկտեմբերին եկեղեցւոյ մշակութային համալիրին մէջ, տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս մը` նուիրուած հայ գրատպութեան 500-րդ տարեդարձին: Ցուցադրուած էին աւելի քան երեսուն հայ հնատիպ գիրքեր:
Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Ալեքս Գալայճեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ հայկական տպագրութեան սկզբնաւորման եւ բացատրեց պատճառները հայկական առաջին գիրքը հայրենիքէն հեռու` Վենետիկի մէջ տպուած ըլլալուն:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Ալճալեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի
Ձեռնարկները Համակարգող
Յանձնախումբի Նիստ
Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան վերջերս տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբին հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ենթայանձնախումբեր ստեղծելու առաջարկը: Կը նախատեսուի, որ ստեղծուելիք ենթայանձնախումբերը աշխարհին հետեւեալ ուղղութիւններով` հանրային կապեր, ֆինանսական հարցեր եւ միջհամայնքային կապեր:
Նիստի ընթացքին որոշուեցաւ նաեւ աշխուժացնել յանձնախումբին գործունէութիւնը: Նիստերը պիտի գումարուին ամիսը երկու անգամ:
ՀՄԸՄ-ի Փասատինայի «Ազատամարտ»
Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 35-Ամեակ
Վերջերս Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ «Ազատամարտ» մասնաճիւղին հիմնադրութեան 35-ամեակը:
Օրուան հանդիսավար Սեւակ Կարապետեան բարձր գնահատեց մասնաճիւղին նուիրեալ ու հեռատես անդամներուն ճիգերը, որոնք արդիւնաւորուեցան մասնաճիւղը սեփական մարզադաշտով մը օժտելու երազանքի իրականացումով, վստահեցուց, որ միասնական ջանքերով նորանոր ծրագիրներ պիտի իրագործուին:
Մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Պետոյեան ընդգծեց, որ միութիւնը տակաւին տասնամեակներ պիտի կերտէ եւ պիտի շարունակէ սրբազան գործը: Ան հրաւիրեց ներկայ ծնողները` միանալու ՀՄԸՄ-ի փաղանգին, միասնաբար դաստիարակելու համար իրենց հոգածութեան յանձնուած սերունդները, իսկ նոր սերունդին կոչ ըրաւ վերադառնալու իրենց արմատներուն, որպէսզի իրականացնեն իրենց պապերուն երազանքը` ՀՄԸՄ-ը առաջնորդելու դէպի նոր բարձունքներ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշատախտակներու եւ գնահատագրերու յանձնում:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղի 35 տարիներու գործունէութիւնը արտացոլող տեսերիզ մը:
25 Հազար Տոլարի Կրթանպաստի Հիմնադրամ`
Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ամպիոնին
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ամպիոնը համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը տեղեկացնէ, թէ Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը 25 հազար տոլարի կրթանպաստի հիմնադրամ մը հաստատած է հայագիտութեան հետեւող ուսանողներու համար:
Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կ՛ողջունէ այս քայլը, որ կը կատարուի յատկապէս այս օրերուն, երբ կրթաթոշակները զգալիօրէն աճած են:


