ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղի Աշնանային Հանդիպումը

Ս. Պ.

Դասախօսուհին` Մարլէն Տանակէօզեան

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ մասնաճիւղեր վերամուտը սկսած են նոր եռանդով, իւրաքանչիւրը` աշխատանքային իր ծրագրով նոր իրագործումներ կատարելու:

8 նոյեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը հրաւիրած էր իր անդամուհիները եւ բարեկամուհիները` միասնաբար ուրախանալու աշնանային հանդիպումով, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ:

Օրուան հանդիպումը ճաշի հիւրասիրութիւն էր` նուագի ու երգի մթնոլորտին մէջ, Գէորգ Պաղտասարեանի ընտրած երգացանկով:

Հանդիպումին նպատակը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկայ մայրերուն` արձագանգած ըլլալու համար հրաւէրին, որուն կենսական բաժինը ծառայութիւն էր յօգուտ մեր կարիքաւոր ազգակիցներուն: Ան ըսաւ. «Այս հանդիպումէն գոյացած գումարը պիտի յատկացնենք կրթանպաստի մեր մասնակցութեան, որ այս տարի յաւելեալ պարտաւորութիւնը կը դնէ մեր ուսերուն»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ձեռնարկին օգտակար եղած մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար հանդիսացող շրջանի ազգայիններուն, «Սարդարապատ» կոմիտէին, որ միշտ զօրավիգ կը կանգնի ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն:

Օրուան խօսքը տրուեցաւ ԼՕԽ-ական նուիրեալ անդամուհի Մարլէն Տանակէօզեանին, որ մասնագէտ է ծաղիկներու եւ բոյսերու մշակման եւ բնական աճումին: Ան իր հաղորդական բացատրութիւններով անդրադարձաւ իւրաքանչիւր ծաղիկի բնոյթի եւ զայն առողջ պահելու գործընթացին: Ան բնութագրեց տարբերութիւնը «սալոն»-ի, սենեակի կամ պատշգամի ծաղիկներուն, բոյսերուն, անոնց աճումին ձեւերուն, թէ ո՛ր մէկը կը սիրէ շուքը կամ արեւը, թէ ո՞ր աստիճանի եւ ե՞րբ կը կատարուի ջրտուքը եւ այլն: Տիկինները հաճոյքով ունկնդրեցին Մարլէնին ծաղկաբոյր խօսքերը: Ան իր խօսքի աւարտին իր պատրաստած կարմիր ծաղիկներու «արանժըման»-ը ընծայեց Շահանդուխտին` իբրեւ ԼՕԽ-ին ծառայած հայուհի:

Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ ներկայ շնորհալի ընկերուհիներուն:

Առիթը քաջալերեց եւ խանդավառեց մեր շնորհալի տիկինները, որոնք երգեցին եւ արտասանեցին: Տինա Հատտատ մեներգեց չորս երգ` հաճելի մեկնաբանութեամբ: Իրենց զգայուն եւ քաղցրահունչ ձայնով երգեցին Արմինէ Խառնըլեան (ժողովրդային երկու երգ), իսկ Անի Ինճէեան` Սայաթ Նովայի «Բլբուլի հիտ-ը եւ արտասանեց Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր»-ը: Եղիսաբէթ Կիւլեսէրեան արտասանեց Աւետիք Իսահակեանի «Մօր սիրտը», իսկ Մարինէ Ասայեան` Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն:

Մթնոլորտը իրաւամբ ջերմացաւ եւ ստացաւ մշակութային-գեղարուեստական տպաւորիչ հանդիսութեան մը բնոյթը: Այս պարագային իրենց խանդավառութիւնը արտայայտեցին նաեւ ներկաները` երգով թէ ջերմ ծափերով:

Անոնք ոգեւորուած ստեղծուած հաճելի եւ հայաշունչ մթնոլորտէն` կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Հանդիսութեան աւարտին կատարուեցաւ վիճակահանութիւն, բախտաւորները ստացան նուէրներ:

Ներկաները գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն` շնորհաւորելով վարչութիւնը իր կատարած ազգօգուտ ջանքերուն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES