Քերուըտուք
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Քերուըտուքը երբեմն հաճելի եւ երբեմն անհաճոյ այն զգացում-փափաքն է, որ կը մղէ մեզ քերելու մեր մարմնին մակերեսը, այսինքն` մեր մորթը: Անիկա բնական երեւոյթ չէ: Ընդհակառակը, անիկա անբնական երեւոյթ է եւ հակադարձութիւն մըն է որոշ գրգիռի մը կամ հիւանդագին կացութեան մը:
Քերուըտուքը կրնայ ըլլալ ախտանշանը մորթային կամ մարմնական հիւանդութեան մը:
Բնախօսականօրէն քերուըտուքը ունի երկու սկզբնաղբիւրներ`
Ա. Ծայրամասային սկզբնաղբիւր.
Բ. Կեդրոնական սկզբնաղբիւր.
Ա. Ծայրամասային սկզբնաղբիւրը ունի երկու ենթաբաժանումներ.
ա. Մորթային սկզբնաղբիւր
բ. Ջղախտագին սկզբնաղբիւր
Մորթայինը կը ծագի եւ սկիզբ կ՛առնէ մորթին մէջ: Անիկա կը յառաջանայ մորթին վրայ գոյութիւն ունեցող զանազան գրգռիչ ազդակներով: Այս ազդակները կրնան ըլլալ`
1. Մեքենական
2. Քիմիական
3. Ջերմային
4. Ելեկտրական
5. Ճառագայթային
6. Կենդանական
7. Բուսական
Վերոյիշեալ ազդակներու գոյութիւնը կը յառաջացնէ Histamine կոչուած ներազդակի (հորմոն) արտադրութիւնը մորթին մէջ: Histamine-ը պատճառ կը դառնայ մորթի խաւերուն մէջ գտնուող քերուըտուքի զգացողութեան-զգալու ջիղերու յետին մազմզուկներու գրգռութեան:
Ջղախտայինը կը ծագի մորթէն ուղեղ գացող ջիղերու գրգռութեամբ, որ տեղի կ՛ունենայ ջիղի հարուած-վնասումով եւ հիւանդագին կացութեամբ:
Բ. Կեդրոնական սկզբնաղբիւրը իր կարգին ունի երկու ենթաբաժանումներ.
ա. Ջղածին սկզբնաղբիւր
բ. Հոգեծին սկզբնաղբիւր
Ջղածինը ծնունդ կ՛առնէ կեդրոնական ջղային համակարգին մէջ: Անիկա կը յառաջանայ ուղեղային որոշ հիւանդութիւններով, օրինակ` ուղեղի քաղցկեղ եւ multiple sclerosis հիւանդութեամբ:
Հոգեծինը կը յառաջանայ որոշ հոգեբանական հիւանդութիւններու հետ:
Քերուըտուքի զգացումը կը նուազի ընդհանուր մարմնական ցաւի ստեղծումով եւ կամ տեղայնական ցաւ յառաջացնելով: Այս կ՛իրականանայ հետեւեալ պատճառներով.
Ա. Ինքնագրգռում, որ կը պատահի մենք զմեզ քերելով եւ շփելով: Զօրաւոր քերուըտուքի պարագային ենթական ստիպողաբար եւ ակամայ կը քերէ, կը շփէ իր մորթը: Այս մէկը կը յառաջացնէ ցաւ, որ կը ծածկէ քերուըտուքի զգացումը:
Բ. Ցաւի գրգիռներու գոյութիւն քերուըտուքի վայրը: Այս գրգիռները կրնան ըլլալ`
ա. Ջերմային` շատ պաղ կամ տաք ջուր եւ կամ օդ
բ. Քիմիական հեղուկներ
գ. Ելեկտրական հոսանք եւ ջերմութիւն
Վերոյիշեալ պատճառներով յառաջացած ցաւը կը խափանէ քերուըտուքի զգացումը: Տեսնուած է, որ ընդհանուր ցաւազրկումով քերուըտուքը ամբողջովին կ՛անհետանայ:
Քերուըտուքի դրդապատճառները շատ են: Անոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները.
Ա. Միջավայրային գերզգայնութիւն, որ կը յառաջանայ զանազան գրգիռներով`
ա. Օդի ջերմաստիճանի փոփոխութիւն` տաքութիւն եւ պաղութիւն
բ. Օդի խոնաւութեան նուազում եւ բարձրացում
գ. Արեւու շող եւ ճառագայթ
Բ. Կենդանական
ա. Շուներու եւ կատուներու մազեր, լորձունք եւ խայթուածքներ
բ. Թռչուններու փետուրներ
գ. Միջատներու խայթուածքներ, մասնաւորաբար` մժեղի, ճանճի եւ մեղուի
Գ. Բուսական
ա. Սննդեղէններ` կանանչեղէն, պտուղ, հացահատիկներ
բ. Ծառերու տերեւներ, խոտ, մացառ
Դ. Կենցաղային
ա. Աւազաններու եւ ծովափի ջուր
բ. Օճառ, օծան, անուշահոտ
գ. Հագուստ, գուլպայ, ձեռնոց, գլխարկ
դ. Կօշիկ, հողաթափ
ե. Շատ տաք կամ պաղ ջուրով լոգանք
Վերոյիշեալ ազդակներու գոյութեամբ մորթը կը գրգռուի եւ տեղի կ՛ունենայ զանազան աստիճանի քերուըտուք:
Ե. Մորթային բորբոքումներ եւ հիւանդութիւններ
Մորթային հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը կը յայտնուին քերուըտուքով: Հետեւեալ մորթային հիւանդութիւնները յատկապէս կը յատկանշուին սուր քերուըտուքով.
ա. Ցպկային հիւանդութիւններ
1. Կարմրագոյն կոկորդաբորբ (scarlet fever)
2. Մորթի թարախային ցան (impetigo)
բ. Սնկային հիւանդութիւններ
1. Մորթասնկութիւն (tinea)
2. Ոտքասնկութիւն (athlet’s foot)
գ. Ժահրային հիւանդութիւններ
1. Ծաղկախտ
2. Կարմրախտ
3. Գերմանական կարմրախտ (german measles)
4. Ջրծաղիկ
Այս չորս հիւանդութիւնները ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւններ են:
5. Սողնախտ (herpes simplex), որ կը պատահի շրթունքի, բերնի, մորթի, աչքի եւ սեռական արտաքին օրկաններու վրայ:
6. Սողնախտագօտի (herpes zoster), որ ունի մարմնական եւ ականջային տարբերակներ:
դ. Մակաբուծային (parasitic) հիւանդութիւններ
1. Ոջլոտութիւն, որ կը պատահի մարմնի, գլխու եւ ցայլքի (pubis) վրայ:
2. Քոսութիւն, որ սուր փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է. անոր ախտապատճառը տիզ (tick) կոչուած մակաբոյծն է: Տիզը կը մխրճուի մորթին մէջ եւ ամբողջ մարմնին մակերեսին վրայ կը յառաջացնէ սաստիկ քերուըտուք եւ կարմիր ցան:
ե. Մորթային այլ հիւանդութիւններ
1. Քորախտ (psoriasis)
2. Մոլաքար-եղճատենդ (urticaria)
3. Eczema
Զ. Քրտնաբեր գեղձերու հիւանդութիւններ
ա. Մորթի չորութիւն, որ կը պատահի առաւելաբար տարեցներու մօտ եւ ձմեռ եղանակին
բ. Գերքրտնութիւն
գ. Ենթաքրտնութիւն-սակաւաքրտնութիւն
Է. Մարմնական ընդհանուր հիւանդութիւններ
ա. Աւշագեղձերու ուռուցք
բ. Hodgkin’s disease, որ աւշագեղձային ուռուցքներու յատուկ մէկ տեսակն է
գ. Արեան կարմիր գնդիկներու բազմացում
դ. Երիկամի աշխատանքի կայք
ե. Շաքարախտ
զ. Խլիրդ
է. Դեղնութիւն եւ լեղապարկի հիւանդութիւններ
ը. Մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV)
թ. Ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ախտանիշ (AIDS)
ժ. Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն
Ը. Դարմանական միջոցներ եւ դեղեր
ա. Դեղերու գործածութիւն, ինչպէս` մորֆին, քլորոքին եւ դեղերու ներգործութիւն
բ. Քաղցկեղի դեղա-քիմիական դարմանում
գ. Երիկամներու դեղաջրային դարմանում
Թ. Հոգեբանական հիւանդութիւններ
Կարգ մը հոգեբանական հիւանդութիւններ կը յատկանշուին զանազան աստիճանի քերուըտուքով:
Ժ. Յղութիւն
Շատ մը յղի կիներ յղութեան վերջին ամիսներուն կ՛ունենան զանազան աստիճանի քերուըտուք:
Քերուըտուքը ինքնին ախտաճանաչումի չի կարօտիր: Սակայն անոր ախտապատճառները հարկ է որ ախտաճանաչուին, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել քերուըտուքը: Այս նպատակին հասնելու համար մորթաբուժը կը դիմէ զանազան տեսակի միջոցներու.
1. Կը լսէ հիւանդին կողմէ հիւանդութեան պատմականը
2. Կ՛ուսումնասիրէ հիւանդին մորթին իրավիճակը
3. Կը կատարէ արեան տարրալուծարանային քննութիւններ
4. Պզտիկ կտոր մը կը վերցնէ մորթի հիւանդ բաժինէն եւ կը կատարէ յատուկ ախտաբանական քննութիւն:
Քերուըտուքի դարմանումը կախեալ է անոր ախտապատճառին ախտաճանաչումէն: Դարմանումը կրնայ ըլլալ շատ դիւրին եւ յաճախ շատ դժուար ու երկարատեւ: Մորթաբուժը կը դիմէ հետեւեալ դարմանական քայլերուն.
Ա. Դարմանել հիմնական հիւանդութիւնը, եթէ ախտաճանաչումը կատարուած է:
Բ. Գործածել տեղայնական հակաքերուըտուքի դեղեր եւ միջոցներ, ինչպէս`
ա. Հակագերզգայնութեան դեղեր
բ. Քորթիզոն եւ անոր տարբերակները
գ. Տեղայնական զգայազրկիչներ
դ. Հակագրգիռ դեղեր
ե. Հանգստացուցիչ օծաններ, ջրցօղներ (sprays)
զ. Լուսաբուժութիւն
է. Մորթի խոնաւացուցիչներ
Գ. Զօրակցական միջոցներ (supportive measures)`
ա. Մորթի մաքրութիւն եւ խնամք`
1. Գաղջ ջուրով լոգանք
2. Կարճ ժամանակամիջոցով լոգանք
3. Քիչ օճառի գործածութիւն
բ. Հանգստաւէտ հագուստներու գործածութիւն
գ. Զով եւ գրգիռներէ զերծ միջավայրի ընտրութիւն
Հոս կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ հակառակ որ քերուըտուքի վայրը քերելով կ՛ունենանք հաճելի զգացում եւ հանգստութիւն, սակայն`
Ա. Քերուըտուքը աւելի կը զարգանայ քերելով եւ շփելով: Ուրեմն յանձնարարելի է չքերել կամ չշփել:
Բ. Շատ քերելով` կը յառաջանան մորթային բորբոքումներ եւ նոյնիսկ խոցեր, ուրեմն, որպէսզի յաւելեալ մորթի բորբոքումներ եւ խոցեր տեղի չունենան, յանձնարարելի է շատ չքերել քերուըտուքի վայրը:

