Ճորճթաունի Տղոց Հետքերով
Օնթարիոյի «Բաց դռներ»-ու ծրագիրը կը միտի քաղաքացիներուն ծանօթացնել իրենց շրջաններու պատմական յուշարձաններն ու այլ նշանակալից վայրերը: Այդ գծով 29 սեպտեմբերին Հալթըն Հիլզ (նախապէս` Ճորճթաուն) աւանը կազմակերպած էր իր «Բառ դռներու օր»-ը, ուր յուշարձաններու եւ պատմական նշանակութեան շէնքերու շարքին էր այն ագարակը, ուր ապրած էին Եղեռնէն ետք Քանատա բերուած որբերը` հետագային «Ճորճթաուն պոյզ» անունով ծանօթ: Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները ներկայ էին հոն եւ կազմակերպած էին բացատրական ներկայացումներ` այցելուները լուսաբանելու համար: Նշենք, որ այցելուներու շարքին էին նաեւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, որոնք այդ շաբաթավերջին գումարուած իրենց ժողովին մէկ նիստը կատարեցին այդ պատմական վայրերուն վրայ եւ ապա յիշատակի համար նկարուեցան ագարակին առջեւ:

