Նամականի
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
«Ազդակ» օրաթերթի պատուարժան խմբագրութիւն,
Նախ անձնապէս ուրախ եմ, որ նամակս անարձագանգ չմնաց: Ուրախ եմ նաեւ, որ բազմաթիւ շնորհաւորական հեռաձայններ ստացայ նամակիս մէջ տեղ գտած իրականութիւններուն համար: Այս մթնոլորտին դէմ եւ թեր կարծիքներու փոխանակումը անպայման որ շինիչ է:
Թաթուլ Յակոբեանի պատասխան յօդուածը ընդհանրապէս հաստատած է միտքերս եւ երկրորդած` հաստատումներս: Անձնապէս մեծապէս կը գնահատեմ Թաթուլ Յակոբեանը եւ իր նմանները, որոնք կը հաւատան սփիւռքի դերակատարութեան եւ իրենց ինքնուրոյն ոճով ու վերլուծումներով նոր հորիզոններ կը բանան առհասարակ ընթերցողին եւ մասնաւորապէս «Ազդակ»-ի ընթերցողին համար:
Հիմա գանք նիւթին: Դարձեալ կը կրկնեմ` խօսքս կուսակցական եւ ոչ կուսակցական մամուլի մասին է: Խօսքս թերթի մը խորագրէն մինչեւ այլազան լուրերը տալու եւ ներկայացնելու մէջն է: Խօսքս առաջնահերթութեան եւ լուրը իր ուժականութենէն պարպելու կամ կարեւորութիւնը պակսեցնելու մէջն է, բուն տագնապէն հեռանալու, տագնապը ընթացիկ հարցի վերածելու, անձնական նախաձեռնութիւն մը կառոյցի մը` կուսակցութիւն թէ կաթողիկոսութիւն, նոյն չափի մէջ դնելն է: Այս է, յարգելի Թաթուլ, հարցը: Եօթը տարի «Ազդակ»-ին աշխատակցելուդ, իշխանութիւն քննադատելուդ կամ ընդհանրապէս մամուլի մէջ քու յօդուածներուդ մասին չէ խօսքս: Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար:
Յուսամ` մտահոգութիւնս պարզ է: Սփիւռքի մամուլը անցեալին ունեցած է եւ հիմա ալ պէտք է ունենայ իր դերակատարութիւնը: Մամուլը ժողովուրդին բազկերակն է: Մամուլը ժողովուրդին սրտի զարկն է: Այս իմաստով հայրենիքի հանդէպ պէտք է նախ առարկայական ըլլանք եւ յետոյ` արդարամիտ: «Իշխանութիւնը քննադատելը թուրքին կ՛օգնէ»-ի լոզունքը արդէն ժամանակավրէպ է: Բոլոր նախկին խորհրդային եղած վարչակարգերը փտածութեան եւ միահեծան վարչակարգի դրութեամբ կը գործեն… Առայժմ` այսքան:

