Յուշատետր. Երազանքը Լաւ Է

Ռ. Հ.

Երազելը լաւ է: Բայց ո՞ր երազելն է, որ լաւ է: Գիշերը քունի մէջ երազելու մասին չէ խօսքը: Ո՛չ: Չեմ խօսիր քունի մէջ երազելու, քունի մէջ երազ տեսնելու մասին: Ես կը խօսիմ արթուն մտքով երազելու մասին: Արթուն մտքով երազելը լաւ է: Այս տեսակ երազելուն է, որ մենք կ՛ըսենք երազանք: Ըսէ ինծի, թէ որքա՞ն կը սիրես երազելը, եւ թէ` որքա՞ն հեռու կրնաս երթալ, անգամ մը որ երազել սկսիս, այն ատեն ըսեմ քեզի, թէ ով ես դուն ու ինչեր կրնաս ընել: Եթէ երազանք ունիս, կը նշանակէ, որ դուն ալ մէկն ես, որ չի բաւարարուիր ստեղծուածներով ու կը մտածէ նորեր ստեղծելու մասին: Բնաւ չազդուիս այն մարդոցմէ, որոնք քեզ պիտի ծաղրեն «երազատես» կամ «անիրատես» ըսելով, «դուն երազ կը տեսնես» ըսելով. «դուն ամպերուն մէջ կը պտըտկիս, եկուր հողին վրայ կոխէ» ըսելով: Չազդուիս: Անոնք չեն գիտեր, որ մարդ երբեմն իր միտքը պէտք է թռցնէ դէպի երազանք, դէպի երեւակայական աշխարհ մը, որ իր մէջ կը միացնէ մտածումն ու ստեղծագործութիւնը: Ի՛նչ նիւթեր կրնաս գտնել այդ նիւթերուն մասին երազանք հիւսելու համար, այդ նիւթերը պեղելու ու անոնց վրայ նորեր աւելցնելու համար: Մի վախնար արթուն մտքով այդպիսի երազանքի մը յանձնուելէ: Ասիկա քունի մէջ տեսնուած երազին չի նմանիր: Քունի մէջ տեսնուած երազը քու ընտրութիւնը չէ: Դուն չե՛ս, որ երազին նիւթը կ՛ընտրես: Քնանալու ընթացքին դուն չե՛ս որ վախազդու երազներ, սարսափելի մղձաւանջներ, ապուշ ապրումներ կ՛ընտրես: Անո՛նք են, որ կու գան անկոչ հիւրի նման ու կը նեղեն քեզ: Անոնք արդէն որեւէ օգուտ չունին քեզի, քեզի ոչինչ պիտի շահեցնեն որպէս տեսնուած բան կամ կատարուած մտածումի թռիչք: Ո՛չ միայն քեզի ոչինչ պիտի շահեցնեն, այլ նաեւ պիտի խանգարեն քնանալով հանգստանալու քու իրաւունքը: Քանի քանի անգամներ վախով պիտի արթննաս երազի մը պատճառով, քանի քանի անգամներ քունիդ մէջ ցնցումներ պիտի ունենաս: Անկոչ հիւր է քունի մէջ տեսնուած երազը: Իսկ երազանք ըսուածը այդ չէ: Երազանքին մէջ դո՛ւն ես, որ կ՛ընտրես քու նիւթը եւ ուղղութիւն կու տաս մտածումիդ ու երեւակայութեանդ: Նստած ես բազկաթոռիդ վրայ կամ սեղանիդ առջեւ, բայց կը թռիս դէպի հեռաւոր հորիզոններ: Գոյութիւն ունեցողէն ճամբայ ելլելով կ՛երթաս դէպի այն, որ գոյութիւն չունի, այն, զոր կը ստեղծես երեւակայութեամբ կամ երեւակայութեանդ մէջ:

Գիտցուածէն ճամբայ ելլելով կ՛երթաս դէպի այն, զոր չես գիտեր, դէպի անծանօթը: Հնարուածէն ճամբայ ելլելով կ՛երթաս դէպի այն, որ դեռ չէ հնարուած: Թերեւս դուն ես, որ պիտի հնարես երազանքիդ ու երեւակայութեանդ մէջէն: Մարդու քաղաքակրթութեան մէջ որքան շատ բան ստեղծուեցաւ երազանքներու շնորհիւ: Ամէն բանաստեղծութիւն երազանք է: Ամէն պատմուածք` երազանք է: Ամէն երաժշտութիւն` երազանք է: Ճարտարապետական ամէն գիւտ` երազանք է: Գիտական ամէն տեսութիւն` երազանքի արդիւնք է: Շինուած ու ստեղծուած ամէն նոր գործիք` երազանքի արդիւնք է: Նախ կ՛երազես, նախ կ՛երեւակայես, մտքիդ մէջ պատկերներ, ձեւեր ու գաղափարներ կ՛ուրուագծես. թերեւս ձայներ ու պատգամներ կը լսես, յետոյ կը ստեղծես: Ստեղծագործութիւնը երազանքին որդին է:

Հասկնալի է, որ շատեր չեն գիտեր յանձնուիլ իրական երազանքի: Թէեւ ճիշդ է, որ մարդ առանց մտածելու մէկ վայրկեան իսկ չի կրնար ապրիլ ու մտածումը երազանքի առաջին քայլն է, բայց ամէն մտածում երազանք չէ: Եթէ մտածես որ գիշերը ինչ պիտի ուտես, ատիկա երազանք չէ: Բայց եթէ յանկարծ սկսիս մտածել, որ քիչ վերջ սեղանիդ վրայ պիտի դրուի քու ամենասիրած կերակուրը, քովը հրաշալի աղցանով ու շիշ մը գինիով ու յանկարծ սիրելի սեղանակից մըն ալ պիտի ունենաս, ատիկա երազանք է: Բայց երազանքի հրաշալի տեսակը չէ այս: Այսքան մը երազանք գրեթէ ամէն մարդ ունի: Անօթի թշուառ մարդը, որ ուտելիք շերտ մը հացի կարօտ է, ճոխ խնճոյք մը կ՛երազէ ամէն վայրկեան: Սովորական է: Հասարակ:

Ցաւալի է անշուշտ այն երազանքը զոր թշուառ մարդը կը հիւսէ իր փորը կշտացնելու կարօտով: Բայց բո՛ւն երազանքը անօթի փորին հետ, կամ քաղցած ստամոքսին հետ կապ չունի, այլ կապ չունի անհունին ու անսահմանին մէջ երջանիկ պտոյտներ ընելու եւ նոր հորիզոններ գտնել ուզելու հետ, եւ ասիկա ամէնուն տրուած չէ: Կամ կը կարծենք, որ ամէնուն տրուած չէ:

Վստահ ալ չենք, որովհետեւ մենք թէեւ ուրիշներու դէմքը կը տեսնենք, բայց ուրիշներու մտածումները չենք տեսներ, ուրիշներու երազանքը չենք տեսներ: Այնուհանդերձ, կրնանք հաւատալ, որ մարդս դէպի հարուստ երեւակայութիւններ տանող շքեղ երազանքը ամէնուն տրուած չէ: Երանի թէ տրուած ըլլար, որովհետեւ երազանքը լաւ է: Որովհետեւ բո՛ւն երազանքը կարօտէ մը, զրկանքէ մը, տառապանքէ մը չէ, որ ճամբայ կ՛ելլէ, այլ ճամբայ կ՛ելլէ հետաքրքրութենէ, զարմանքէ, հիացումէ, նորութիւն մը գտնելու անհամբերութենէ: Ո՜վ գիտէ տիեզերք կոչուած սա անհունին  մէջ ինչեր կան, որոնք դեռ մեզի համար գոյութիւն չունին, կամ մեզի համար ստեղծուած չեն տակաւին, որոնք սակայն կը սպասեն, որ մենք երազանքի ճամբով հասնինք իրենց ու զանոնք վար բերենք, բերենք դէպի մեր փոքրիկ աշխարհը ու անոնցմէ բաժին հանենք նաեւ ուրիշներու, երբեմն` ամբողջ մարդկութեան, ապագայ սերունդները ներառեալ:

Երազանքը մեր ամէնօրեայ կեանքին աղ ու պղպեղն է: Դուք պիտի ուզէի՞ք ձեր ճաշասեղանին վրայ ունենալ կերակուր մը, որ ո՛չ աղ ունի, ո՛չ ալ պղպեղ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES