Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` «Նոր Աւետարանացում Եւ Վատիկանի Յատուկ Սիւնհոդոսը» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային հաղորդամիջոցներու գրասենեակին, երէկ` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ պատրիարքարանին մէջ:
Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակի պատասխանատու հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ յոտնկայս աղօթելէ ետք ողջունեց ներկաները` յիշեցնելով, որ անցնող 8 սեպտեմբերին հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք յայտարարած էր «Նոր աւետարանացում»-ի համար գրասենեակի մը հաստատման որոշումը, զուգահեռաբար` 2012-2013 տարեշրջանը «Հաւատքի տարի» հռչակելու Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապի որոշումին: Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին մէջ քրիստոնէական կազմաւորումը նպատակ ընտրած նշեալ գրասենեակին գործունէութեան ծիրին մէջ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կապի մէջ պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն հետ` շաբաթական հերթականութեամբ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ` հետեւեալ լատինատառ հասցէով Nerses Bedros XIX: Ըստ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի, միաժամանակ հայ կաթողիկէ երիտասարդներու համար կը հաստատուի յատուկ կայքէջ մը` youtharmeniancatholic.org, որուն նպատակն է հաւատքի հրաւիրել նոր սերունդը` մասնակցելով եկեղեցական կեանքին:
Ապա խօսք առաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ հակիրճ տողերու մէջ զեկուցեց եւ իր տպաւորութիւնները փոխանցեց անցնող 7-էն 28 հոկտեմբերի ընթացքին Հռոմի մէջ կայացած Վատիկանի Սիւնհոդոսին մասին, որուն բնաբանն էր «Նոր աւետարանացումը` քրիստոնեայ հաւատքը փոխանցելու համար»:
«Հաւատքը քրիստոնէական կեանքին գլխաւոր նեցուկն է, որ այս սիւնհոդոսը կ՛ուզէ փոխանցել հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ ոչ մկրտեալներուն: Հայ ժողովուրդը մաս կը կազմէ այս հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն», յայտնեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը` յատուկ ակնածանքով ու դրուատիքով նշելով 301 թուականին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ 451 թուականին Վարդանանց Աւարայրի ճակատամարտի անկիւնադարձային դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի` քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալու իրողութեան մէջ: Ապա Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նշեց 406 թուականին Մեսրոպ Մաշտոցի ու աւելի ուշ` 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի, Ներսէս Լամբրոնացիի եւ այլ աստուածաբան սուրբերու ունեցած խիստ տարրական ներդրումը` հայոց լեզուի եւ կրօնի ամրապնդման երթին մէջ:
«Ալ աւելի ծանր փորձութիւն մը ապրեցաւ հայ ազգը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, երբ շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան 1915 թուականին: Այս նահատակներուն գլուխն էր Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը: Եկեղեցին ճանչցաւ այս եղելութիւնը իբրեւ «հաւատքի դէմ եւ ցեղային ատելութեան արարք», եւ Իգնատիոս Մալոյեան երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ` 2001-ին: Իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչցուած այս եղելութիւնը կրկին անգամ ցոյց կու տայ հայոց կառչածութիւնը, մինչեւ արեան զոհողութիւն, Քրիստոսի հաւատքին եւ սուրբ Աւետարանին», ընդգծեց հոգեւոր տէրը:
«Վատիկանի «Նոր աւետարանացում»-ի Սիւնհոդոսը «Նոր հանգրուան մըն է, որ կը մղէ մեզ կրկնապատկելու կորովը` գտնելու համար նոր եւ համոզիչ միջոցներ, որոնք կը վերակենդանացնեն հաւատքը եւ կը ներգրաւեն ոչ մկրտեալները` կեանքի օրինակին հետեւելով եւ Աստուծոյ խօսքը հռչակելով», եզրափակեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը:
Ապա հոգեւոր տէրը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Այս առիթով պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ ի՞նչ կեցուածք որդեգրուած է այս գծով տագնապահար օրեր ապրող սուրիահայ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ` 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարտահրաւէրներուն ընդառաջ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Մեր կարելիութիւնները ի սպաս դրինք մեր սուրիահայ եղբայրներուն` անոնց առջեւ բանալով մեր վարժարանները եւ տեղ ու ապաւէն ապահովելով անոնց: Սակայն հիմնական մարտահրաւէրը, գաղթական սուրիահայ մեր հաւատացեալ եղբայրներուն գործ հայթայթելու դժուարութիւնն է»: Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթած մարտահրաւէրին գծով հոգեւոր տէրը յիշեցուց 2001-ին Իգնատիոս արք. Մալոյեանի Երանելի հռչակուիլը Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ` ընդգծելով, որ կարելի եղածին չափ «մեր միւս նահատակ հայրերն ալ Երանելի հռչակելու ճիգին լծուած ենք, որովհետեւ հայ ժողովուրդը պէտք ունի այդ նահատակներու բարեխօսութեան` Աստուծոյ մօտ»: Այս գծով իբրեւ գործնական միջոցառում հոգեւոր տէրը Պենետիկտոս ԺԶ. պապէն խնդրած է 2015-ի ապրիլ 24-ի ամենամօտ կիրակին հայերէն լեզուով պատարագ մատուցել Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ` պապին հովանաւորութեամբ: Նաեւ պապէն խնդրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով դրոշմաթուղթեր հրատարակել, ինչպէս նաեւ` այցելել Էջմիածին, ուր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը պատրաստուի ի մի համախմբել աշխարհի հոգեւոր պետերը: Պենետիկտոս ԺԶ. պապը սիրով խոստացած է ընդառաջել այս բոլորին:
Իսկ «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ տրուած ըլլալով, որ համացանցի հասարակաց լեզուն անգլերէնն է, «Թուիթըր» ընկերային ցանցին մէջ հայ երիտասարդներ ի՞նչ լեզուով պիտի հաղորդակցին` արեւմտահայերէնի վտանգաւոր իրավիճակի լոյսին տակ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ արգելք ունի անգլերէնի կողքին նաեւ հայերէնով հաղորդակցելու երիտասարդ հաւատացեալներուն հետ` խօսքը փոխանցելով այս մարզի պատասխանատու հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին: Վերջինս իր կարգին յստակացուց, թէ ներկայիս «Թուիթըր»-ի մէջ հոգեւոր տիրոջ էջը անգլերէնով սկսած է, սակայն աշխատանք կը տարուի հետագային հայերէնը եւ ֆրանսերէնը եւս որդեգրելու իբրեւ հաղորդակցութեան լեզու:
Ամենապատիւ պատրիարք հօր հրաւէրով փակման խօսքը արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մասիս վրդ. Զօպույեան, որ իր խոր հաճոյքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց նշեալ սիւնհոդոսին իր մասնակցութեան համար` նշելով, որ անիկա կը կրէր զուտ հոգեւոր բնոյթ, հեռու` քաղաքական կողմնորոշումներէ: Հայր Մասիս նաեւ յայտնեց, որ Վատիկանի նշեալ Սիւնհոդոսին քննարկումները յատուկ գրքոյկով պիտի հրատարակուին ու բաժնուին բոլոր եկեղեցիներուն:

