Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Մորթի Եւ Եղունգի Հիւանդութիւններ Ու Կանխարգիլման Միջոցներ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մորթի եւ եղունգի հիւանդութիւններ ու կանխարգիլման միջոցներ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մորթի մասնագէտ տոքթ. Մարի Գասապեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ մորթի հիւանդութիւնները յառաջ կու գան տարբեր ներքին թէ արտաքին ազդակներէ, որոնց յաճախ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար դէմ յանդիման կը գտնուինք: Մասնագէտ բժիշկի մը միջամտութիւնը անհրաժեշտ է` կանխարգիլման ու բուժման համար:

Տոքթ. Մարի Գասապեան դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու օժանդակութեամբ` բացատրելու համար մորթի տարբեր մանրամասնութիւնները, անոնց բաղադրութիւնը եւ տեսակները: Շարունակելով այս բաժինը` ան բաղդատական մը կատարեց երիտասարդ մորթին ու տարեց անձերու մորթին միջեւ, եւ նշեց, թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան տարիներու ընթացքին:

Մորթի հիմնական պարտականութիւնը պաշտպանելն է մարդ անհատը ներքին եւ արտաքին տարբեր ազդակներէ:

Տարիքի յառաջացման  ընթացքին, մորթի բաղադրութեան փոփոխութիւնը արդիւնք է գլխաւորաբար հորմոնային փոփոխութիւններու: Հորմոններու աւելնալուն կամ նուազումին պատկերը անպայման մորթի բաղադրութեան մէջ կ՛ունենայ իր ազդեցութիւնը: Մորթը աստիճանաբար աւելի փափուկ կ՛ըլլայ կարգ մը տեղեր, իսկ այլ տեղեր հակառակը` աւելի կարծր: Նոյնանման պատկեր կը պարզեն նաեւ եղունգները. տարիքի յառաջացումով ձեռքի եղունգները աւելի փափուկ կ՛ըլլան, իսկ ոտքերունը` աւելի կարծր:

Հորմոններու կողքին կան նաեւ այլ ազդակներ, որոնք կ՛ազդեն մորթի տարբեր փոփոխութիւններուն վրայ, ինչպէս` արեւու ճառագայթները, ծխախոտը, մթնոլորտի ապականումը, օզոնը եւ այլն: Դասախօս բժիշկը կարեւորութեամբ խօսեցաւ եղունգներու մաքուր եւ առողջ պահպանման մասին. ան յիշեցուց յաճախ զանոնք մաքրելու եւ կտրելու կարեւորութիւնը, յատկապէս լոգանքէ ետք:

Յաջորդ բաժինով դասախօսը սահիկներու օժանդակութեամբ ներկայացուց տարբեր մորթային պարագաներ, ուր տարիքի յառաջացումով տարբեր սպիներ, խալեր, սեւ կամ մուգ գոյնի կէտերը երեւան կու գան: Մորթի վրայ վերոնշեալներուն յայտնուիլը տարիքի յառաջացումի բնական ընթացք է, բայց մասնագէտի թելադրութիւնները անհրաժեշտ են, որպէսզի անոնք չվերածուին տարբեր մորթային հիւանդութիւններու կամ քաղցկեղի:

Այս բաժինով մորթի մասնագէտը խօսեցաւ խալերու մասին, եւ շեշտեց անոնց միշտ հետեւելու, լաւապէս զննելու կարեւորութիւնը: Դասախօսը յիշեց, թէ արեւու ճառագայթները գլխաւոր թշնամին են խալերու եւ անոնց քաղցկեղի վերածման:

Տոքթ. Մարի Գասապեան շարունակելով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս  դեղերու երկարատեւ գործածութիւնը տարբեր հիւանդութիւններու պարագային կը յառաջացնեն մորթի գերզգայնութեան պարագաներ:

Փսորիասիս կոչուող մորթային հիւանդութիւնը ունի իր ծինային ժառանգական ազդակը, բայց տարբեր հոգեբանական վիճակներ, օրինակ` ընկճուածութիւնը, ճնշումը, ուղղակի կ՛ազդեն Փսորիասիսի յառաջացման: Բուժման միջոցներուն մէջ հիմնականը կը կազմէ հոգեբանական ընկճուածութենէ դուրս գալը, աւելի ուրախ, տրամադրութիւնը բարձր պահող պայմաններու  ստեղծուիլը: Այս բաժինին մէջ կան նաեւ դեղեր, քսուկներ, սրսկումներ, որոնք կը նուազեցնեն հիւանդութեան յառաջացումը, իսկ դեղերու դադրեցումը հիւանդը կը վերադարձնէ իր սկզբնական վիճակին:

Վերջին բաժինով դասախօսը խօսեցաւ Էկզեմայի մասին, երբ մորթը տարբեր ներքին եւ արտաքին ազդակներէ ազդուելով գերզգայուն երեւոյթ մը կը ստանայ: Արտաքին ազդակները կրնան ըլլալ արեւի ճառագայթները, օդը (խոնաւ կամ չոր), ջուրը, բնութեան տարբեր երեւոյթները, հագուստները եւ անոնց կերպասի տեսակները: Ներքին ազդակները կրնան ըլլալ լեարդի տարբեր անհանգստութիւնները կամ աղիքային որդերու գոյութիւնը:

Աւարտին տոքթ. Մարի Գասապեան բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES