Հաղորդագրութիւն

Չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2012-ի կէսօրին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ դէպի Այնճար, ուր քաղաքապետութեան մէջ տեսակցեցաւ  քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի հետ: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմին, ապա ան ներկայացուց քաղաքապետութիւնն ու յառաջիկայ տարուան նախատեսուած ծրագիրները: Արծարծուեցան նաեւ Շրջանային վարչութեան աշխատանքներն ու Կազդուրման կայան ծրագիրի մանրամասնութիւնները:

Քաղաքապետը, ինչպէս միշտ, դարձեալ պատրաստակամութիւն յայտնեց նեցուկ կանգնելու ԼՕԽ-ի բոլոր ծրագիրներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց կազմին:

 

Share this Article
CATEGORIES