2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Լիբանան Պարտուեցաւ Քաթարէն (1-0)
Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանան 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քաթարէն` Տոհայի մէջ իր կատարած մրցումին:
Դաշտին տէրը իր եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց մրցումին 75-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Սեպասթիան Սորիայի:
Ծնունդով ուրուկուէյցի Սորիայի նշանակած կոլը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանան գրաւէ խմբակին վերջին դիրքը` հինգ մրցումէ ապահովելով միայն չորս կէտ:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Լիբանանի համար այժմ Պրազիլի տոմս մը ապահովելը դարձաւ բաւական դժուար:
CATEGORIES Մարզական

