Հայաստան Յաղթեց Լիթուանիոյ (4-2. Սարգիս Յովսէփեան Վերջին Անգամ Ըլլալով Կրեց Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Շապիկը
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ կատարեց 2012 տարուան իր վերջին մրցումը` հիւրընկալելով Լիթուանիան, որմէ նախորդ տարի 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:
Սակայն այս մրցումին, հայրենի կազմը յաջողեցաւ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել, հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին միայն 1-0 արդիւնքով յառաջացած էր` շնորհիւ Էտկար Մանուչարեանի նշանակած կոլին (7-րդ):
Բ. կիսախաղին Կարլեն Մկրտչեան արդիւնքը բարձրացուց երկուքի (50-րդ), որմէ ետք Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց երրորդ կոլը (55-րդ):
Հայաստանի չորրորդ եւ վերջին կոլը նշանակեց Արազ Օզպիլիս (72-րդ): Լիթուանիոյ երկու կոլերը նշանակեց Ռիմքեւիսիուս (66-րդ եւ 83-րդ` փենալթիով):
Բնականաբար, արձանագրուած այս յաղթանակը կարեւոր էր Հայաստանի համար: Սակայն, անոր կողքին անիկա եղաւ հրաժեշտի մրցում մը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Սարգիս Յովսէփեանի համար, որ խումբին շապիկը կրեց քսան տարի` կատարելով 131 մրցում եւ նշանակելով 2 կոլ: Ան վերջին տարիներուն հաւաքականին մնայուն խմբապետն էր:
Յովսէփեան, որ դաշտ ներկայացաւ հիմնական կազմին հետ` դարձեալ իբրեւ խմբապետ, 4-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Արտակ Եդիգարեանով, միեւնոյն ժամանակ ալ խմբապետի իր թեւակապը տալով բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիին:
Ան քիչ մը տխուր, բայց ֆութպոլասէրներուն բուռն ծափողջոյններուն ներքեւ հեռացաւ ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ֆետերասիոնին կողմէ ինքնաշարժ մը նուիրեց Յովսէփեանին, մինչ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ֆութպոլիստը պարգեւատրեց Երեւանի քաղաքապետի ոսկիէ մետալով:
Նշենք, որ մրցումին իրաւարարները վրացիներ էին:


