Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Հրակ Լախեան Ապահովեց Մրցաշարքի Իր Երրորդ Կէտը
Մարիպորի մէջ (Սլովենիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն Լիբանանի ախոյեան Հրակ Լախեան արձանագրեց մրցաշարքի իր երրորդ կէտը` յաղթելէ ետք կիպրացի իր մրցակիցին, որ միջազգային դասաւորման մէջ ունի 1579 կէտ:
Նախապէս Լախեան յաղթած էր շուէտացի եւ սլովենիացի իր մրցակիցներուն:
12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Լիբանանի ախոյեան Քարլօ Դարբինեան երէկ հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք հարաւային քորէացի իր մրցակիցին հետ, ունեցաւ 1,5 կէտ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի լիբանանահայ երրորդ ախոյեանին` Նանօր Արնելեանին, որ կը մասնակցի աղջկանց 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, մնաց մէկ կէտով` երէկ պարտութիւն մը կրելէ ետք իր չեխ մրցակիցէն:
CATEGORIES Մարզական


