«Ազգային Համաձայնական Մարմինի Կազմութիւնը Սուրիական Տագնապի Լուծման Ուղղութեամբ Կարեւոր Քայլ Մըն Է» Կ՛ըսէ Քլինթըն

Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան կազմած Ազգային համաձայնական մարմինը սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները աւելի լաւ կերպով կը ներկայացնէ: Ան ըսաւ, որ մարմինին կազմութիւնը «սուրիական տագնապի լուծման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մըն է»:

Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը իր երկրին կազմուած մարմինին ցուցաբերելիք աջակցութեան համար պայման դրաւ, որ նորակազմ մարմինը փաստէ, որ Սուրիոյ համար իր ծրագիրը բազմակարծական ժողովրդավարութիւնն է, որ երկրին միութիւնը նկատի կ՛ունենայ` նշելով, որ ինք շատոնց կոչ ուղղած է այսպիսի մարմին մը կազմելու, եւ թէ Միացեալ Նահանգները մասնակից էին Տոհայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան գոյացման աշխատանքներուն:

Քլինթըն նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը որոշած է Սուրիոյ թէ Թուրքիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Իրաքի մէջ գտնուող սուրիացիներուն 30 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը շարունակէ յանձնառու մնալ Սուրիա զէնք ուղարկելու դէմ Եւրոպական Միութեան հաստատած արգելքին` նշելով, որ միայն միութիւնը կրնայ այդ արգելքը ջնջել, սակայն այդ ուղղութեամբ որեւէ քննարկում չէ կատարուած:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած էր, որ Ֆրանսա վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սուրիական ընդդիմութեան զէնք չմատակարարելու իր որոշումը, երբ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծէ: Ան նշած էր, որ Ֆրանսա մտադիր է օգնել ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող «ազատագրուած գօտիներուն» մէջ բնակչութեան պաշտպանութեան հարցին:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական բանակին իրաւասութիւն տուած է սուրիական պատերազմական օդանաւերն ու ուղղաթիռները վար առնելու, եթէ անոնք թրքական օդային տարածք մուտք գործեն: Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ որոշումը տրուած է Թուրքիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող Ռասուլ Այն գիւղին դէմ սուրիական օդուժի ռմբակոծումէն ետք, ինչպէս նաեւ թրքական սահմանէն 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ թռիչք կատարելուն պատճառով, իրողութիւն մը, որ կը հակասէ 1971-ին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած Հալէպի արձանագրութիւններուն:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմաթ Եըլմազ զգուշացուց, որ իր երկիրը յարմար ձեւով պիտի հակադարձէ սուրիական օդուժին կողմէ թրքական օդային տարածքի բռնաբարման` շեշտելով, որ հակադարձելու լիազօրութիւնը փոխանցուած է «շրջանին մէջ առնչակից պատասխանատուներուն»:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ վարչապետը վերոնշեալ կանոններու փոփոխութիւնը յայտարարած էր արդէն Սուրիոյ կողմէ թրքական ռմբաձիգին վար առնուելէն ետք` աւելցնելով, որ «թրքական կառավարութիւնը սուրիական օդանաւերուն իր սահմաններու բռնաբարման վերաբերեալ դիւանագիտական նոթեր ուղարկեց»:

Նշենք, որ սուրիական օդուժը երէկ 3-րդ օրն ըլլալով ռմբակոծեց Ռասուլ Այնը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտարարեց, որ Կոլանի մօտ սուրիական գիւղերու գրեթէ մեծամասնութիւնը կը գտնուի Սուրիական ազատ բանակի վերահսկողութեան տակ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական վարչակարգը ՄԱԿ-ի ճամբով իսրայէլեան կողմին յղած է Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններուն եւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած դէպքերուն վերաբերեալ գրաւոր նամակ մը, որուն մէջ նշած է, որ սուրիական կանոնաւոր բանակը ամենայն լրջութեամբ աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի Կոլանի ուղղութեամբ կոյր հրացանաձգութիւն տեղի չունենայ:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ Իսրայէլի գնահատումը կասկած կը յայտնէ, թէ սուրիական բանակը կարողութիւնը ունի Իսրայէլի հետ ամբողջ սահմանին հսկելու, եւ իսրայէլեան շրջանակներու մէջ հետզհետէ աճող մտավախութիւն մը գոյութիւն ունի այն լուրերուն նկատմամբ, թէ սուրիական ընդդիմութենէն զինեալ խմբաւորումներ Կոլանի վրայ Իսրայէլի հետ սահմանին կը տիրեն:

Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութենէն բարձրաստիճան սպայ մը օրաթերթին յայտնած է, որ սալաֆական ծայրայեղական խմբաւորումներ տիրած են սուրիական Քնէյթրա քաղաքին շուրջ գտնուող եւ Իսրայէլի սահմանակից գիւղական շրջաններուն վրայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն բուռն կերպով կը դատապարտէ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանի ռմբակոծումը` վստահեցնելով, որ իր երկիրը կը կանգնի «մեր բարեկամ եւ դաշնակից Իսրայէլի» կողքին:

Իրաքի փոխվարչապետ Խտէյր Խազահի իրաքեան «Սապահ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան իշխանութեան հասնելէն` նշելով, որ այդ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ կան ահաբեկիչներ «եւ անոնք են, որոնք կացութեան կը տիրեն»` աւելցնելով, որ «անոնց իշխանութեան հասնիլը շրջանին մէջ նոր թալեպաններու իշխանութեան հաստատում կը նշանակէ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի նշեց, որ Ազգային համաձայնական մարմինին որդեգրած փաստաթուղթը կը հաստատէ, որ իրենց հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութեան ամրապնդում մը գոյութիւն ունի: Ան նշեց, որ փաստաթուղթին 5-րդ յօդուածը վարչակարգին հետ երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնը կը մերժէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք երկխօսութեան կամ խաղաղ լուծման չեն հաւատար, ինչ որ ներկայ բռնարարքներու շարունակութիւն եւ օրինականացում կը նշանակէ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր կարգին յայտնեց, որ Տոհայի մէջ ընդդիմութեան ժողովը «պատերազմի յայտարարութիւն է», իսկ Ֆրանսայի կողմէ Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչնալը` «անբարոյ արարք»:

 

Share this Article
CATEGORIES