Զինուորական Կացութեան Մագլցում Կազայի Մէջ` Համասի Պատասխանատուի Մը Սպանութենէն Ետք

Ժապերի

Իսրայէլեան օդուժը Կազայի մէջ ինքնաշարժ մը հարուածելով սպաննեց Համասի զինեալ թեւի հրամանատար Ահմետ Սայետ Խալիլ Ժապերին եւ առնուազն երկու ուրիշներ:

Բանակի բանբեր Աւիթալ Լիպովիչ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ բանակը Կազայի մէջ «սահմանափակ» գործողութեան մը ընթացքին 20 թիրախներ հարուածած է:

Բանակը նաեւ յայտարարեց, որ Համասի ցաւ պատճառող հարուածները պիտի շարունակուին, իսկ Համասի զինեալ թեւը` Քասսամի ջոկատները յայտարարեցին, որ Իսրայէլ Ժապերին սպաննելով իր դիմաց դժոխքի դռները բացաւ:

46-ամեայ Ժապերի չորս տարի առաջ Կազայի դէմ կատարուած իսրայէլեան լայնածաւալ գործողութենէն ետք սպաննուած Համասի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարն է:

Իսրայէլի ներքին գաղտնի սպասարկութիւնը` Շին Պեթը յայտնեց, որ ան «վերջին տասնամեակին ընթացքին Կազայէն Իսրայէլի դէմ բոլոր ահաբեկչական գործունէութեանց» պատասխանատուն էր:

Իսրայէլեան գործողութենէն ետք կացութիւնը սուր մագլցում արձանագրեց: Պաղեստինցիք ռմբակոծեցին իսրայէլեան շրջաններ, մասնաւորաբար Հացորիմ զինուորական օդակայանը, իսկ Իսրայէլ` Կազան, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Տիրող կացութեան մէջ Եգիպտոս Իսրայէլի մէջ իր դեսպանը տուն կանչեց, Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջեց:

Աւելի ուշ, Գահիրէի օդակայանէն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը հեռացած են Եգիպտոսէն:

Share this Article
CATEGORIES