Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛առաջարկէ Տապալել Ապպասի Իշխանութիւնը

Մահմուտ Ապպաս

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պատրաստած մէկ փաստաթուղթին մէջ առաջարկեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը տապալել, եթէ ՄԱԿ-ի մէջ ոչ անդամի կարգավիճակ ստանալու պաղեստինեան ձգտումը յաջողութեամբ պսակուի:

«Այդ պարագային Ապու Մազենի վարչակարգը տապալելը միակ ընտրանքը պիտի ըլլայ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ` նշելով, որ «որեւէ այլ ընտրանք պիտի նշանակէ ճերմակ դրօշ բարձրացնել եւ մարտահրաւէրի դիմագրաւման մէջ իսրայէլեան ղեկավարութեան ձախողութիւնը ճանչնալ»:

Փաստաթուղթը կը զգուշացնէ, որ Իսրայէլ պէտք է «Ապու Մազենին սուղ գին վճարել տայ», իսկ ՄԱԿ-ի մէջ պետութեան կարգավիճակ ստանալը «կրնայ կարմիր գիծը շրջանցել նկատուիլ»:

Share this Article
CATEGORIES