Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի հանդիպելէ ետք երեսփոխան Պութրոս Հարպի յայտնեց, որ Ռիատ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չ՛ըլլար: Ասիրի աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ մաղթանքն է Լիբանանը ապահով եւ կայուն տեսնել:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուած պայթումը թիրախ դարձուց Նասըրական շարժումի համակիրներէն մէկուն բնակարանը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներ սպանութեան սպառնալիքներ ստացած են հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութենէն ետք:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 1100 լ. ոսկիով, կարմիր մազութինը` 500 լ. ոսկիով, կանաչ մազութինը` 600 լ. ոսկիով, իսկ կազին սակը արձանագրած է 200 լ. ոսկիի յաւելում:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէի մէջ միջմարոնիական հանդիպում մը կատարելու յստակ թուական մը չկայ տակաւին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի ողջունեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներուն նախապատրաստութիւնը կը ծառայէ օտարին շահերուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նախքան կառավարութեան հրաժարումը, Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցիլը անհաւանական է:

ՍԱՅՏԱՅԻ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի երէկ ընդունեց թրքական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Սայտայի մէջ կառուցուած թրքական հիւանդանոցին գործարկման հեռանկարները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES