Վատիկանի Մէջ Պապը Ընդունեց Հարիրին

Պենետիկտոս ԺԶ. պապը երէկ Վատիկանի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին` ներկայութեամբ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրիի, Նատեր Հարիրիի եւ Տաուտ Սայեղի:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց պապին` Լիբանան կատարած անոր այցելութեան համար եւ ցաւ յայտնեց, որ կամքէ անկախ պատճառներ չարտօնեցին իրեն Պէյրութի մէջ զինք դիմաւորելու:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց պապին` Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ պատգամի երկիր ըլլալու իրականութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Հանդիպումէն ետք քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES