Միւֆթի Քապպանի Կոչ Ուղղեց Մերժելու Սադրանքները Եւ Անոնց Պատճառած Պատերազմները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայէն փոխանցեց իսլամական նոր տարուան առիթով պատգամը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան սադրանքներու պատճառով պատերազմներ վկայած է:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յիշելու այդ պատերազմները եւ երկիրը դարձեալ նոր պատերազմի մը չմատնելու, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարակարծութիւնները հեռու պահելու լիբանանեան տարբեր շրջաններէն:

«Եթէ Լիբանանի մէջ նոր պատերազմ մը բռնկի, ապա ան մեզ պիտի չփրկէ», ըսաւ միւֆթի Քապպանի: «Ով որ քաղաքական իր հաշիւները մաքրելու համար փողոցը կ՛օգտագործէ, ապա ան մեծ սխալ մը գործած կ՛ըլլայ իր ժողովուրդին հաշուոյն», ըսաւ ան:

Միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ պէտք է իրարու դիմաց սիրոյ դրօշներ բարձրացնել եւ ոչ թէ բախումի եւ ընդհարումի:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու լիբանանեան պետութեան, գերիշխանութեան, սահմանադրութեան եւ համագործակցելու իրարու հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES