Ժահժահ Կը Պատասխանէ Սէյիտ Նասրալլայի
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը փափաքի պատասխանել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` որոշ յստակացումներ կատարելու համար եւ ոչ թէ քաղաքական բանավէճ ստեղծելու նպատակով:
Ժահժահ ըսաւ, որ Իսրայէլի հետ գործակցող լիբանանցի լրտեսները անոնք են, որոնք Հըզպալլայի զօրակցութեամբ երեսփոխան ընտրուած են, մինչ ուրիշներ գետնին տակ բանտարկուած էին:
Ժահժահ յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանեան ուժերը առաջին եւ կարեւորագոյն դիմադրողներն են` աւելցնելով, որ սէյիտ Նասրալլան այն անձը չէ, որ հայրենասիրութեան վկայագիրներ կը բաշխէ լիբանանցիներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

