Վ. Սապունճեան Ընդունեց Լիբանանցի-Չինացի Գործատէրերու Խորհուրդին Նախագահը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանցի-չինացի գործատէրերու խորհուրդի նախագահ Ալի Մասրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ճարտարարուեստի դերակատարութեան աշխուժացման հեռանկարները` գործակցութեամբ Չինաստանի մէջ գործող հաստատութիւններուն եւ կառոյցներուն:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ խորհուրդին աշխատանքները աշխուժացնելով կարելի կ՛ըլլայ նպաստել Լիբանանի ճարտարարուեստին եւ տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն աշխատանք տրամադրելու կարելիութեան:
Իր կարգին, Վ. Սապունճեան պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխուժացնելու այդ գործակցութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

