Սայտայի Արիւնահեղութեան Պատասխանատուութեան Հարցով Շէյխ Ասիրը Ամբաստանող Կեցուածքներ
Սայտայի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն լոյսին տակ, Սայտայի «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր պատասխանատու է կիրակի օրուան Սայտայի արիւնահեղութեան:
Համմուտ խստիւ դատապարտեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին եւ Ժամաա Իսլամիէն, որոնք կը ծածկեն Թաամիր-Այն Հելուէի զինեալ միջադէպը պատճառող պատասխանատուներուն ինքնութիւնը:
Շէյխ Համմուտ հաստատեց, որ սուտ վկայութիւնը մեծագոյն մեղքերէն կը նկատուի: Ան նշեց, որ ինք կ՛ընդառաջէ Պահիա Հարիրիի այն կոչին, որ 7 օրուան սուգ յայտարարուի զոհերուն յիշատակին, սակայն միաժամանակ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այդ միջադէպին իսկական պարագլուխը, որ շէյխ Ահմետ Ասիրն է, պիտի ծածկուի:
«Սայտայի արիւնահեղութեան 90 առ հարիւր պատասխանատուն Ասիրն է, որ ուղղուած է այնպիսի շրջան մը, ուր ինք գործ չունի եւ իրեն հետ ունեցած է զինեալներ, որոնց մղած է յարձակումի: Հետեւաբար, յարգելի՛ Ում Նատեր, այս իրականութիւնը ուրանալը սուտ վկայութեան համազօր է եւ անուղղակի մեղսակցութիւն` գործուած ոճիրին», ըսաւ ան` իր խօսքը ուղղելով երեսփոխան Հարիրիին:
Ան հերքեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ Դիմադրութեան պատասխանատուն արիւն թափեց, առաջքը առնելու համար յաւելեալ արիւնահեղութեան:
Իր կարգին, Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ Ահմետ Ասիր պատասխանատու է Սայտայի ապահովական կայունութեան խախտումին եւ արիւնահեղութեան: Այս շրջագիծին մէջ, Սաատ Մուսթաքպալ հոսանքը ամբաստանեց Ասիրին նիւթական եւ բարոյական նեցուկ կանգնելու յանցանքով: «Մուսթաքպալ հոսանքը Ասիրին վստահած է բոլոր այն պարտականութիւնները, որոնցմէ ինք հեռու կը մնայ, պահպանելու համար իր չափաւորականութեան դիմակը», ըսաւ Սաատ:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի ներկայացուցիչ, Սայտայի կրօնական դատաւոր շէյխ Մոհամետ Ապու Զէյտ երէկ ուղղուեցաւ Սայտա, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց զոհեր Լուպնան Ազզիի եւ Ալի Սամհունի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շէյխ Ասիրի:
Միւս կողմէ, կառավարութեան նիստէն անմիջապէս ետք ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել ուղղուեցաւ Սայտա, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ նախագահեց ապահովական նիստի մը:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Սայտայի բոլոր փողոցներուն, յատկապէս Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթին մօտակայքը գտնուող փողոցներուն մէջ բանակը մեծ թիւերով դիրքաւորուեցաւ` իր հակակշիռին տակ առնելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

