Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Մերժեց Սայտան Զինուորական Շրջանի Վերածել

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Ատնան Մերհեպ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր եւ անոնց լոյսին տակ տրուեցան շարք մը որոշումներ, որոնցմէ բացայայտուեցաւ այն որոշումը, թէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը մերժած է Սայտան զինուորական շրջանի վերածել, ինչպէս առաջարկած էր ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, եւ ընդգծած է Սայտայի մէջ որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներու կարեւորութիւնը:

Խորհուրդը իր մնացեալ որոշումները պահեց գաղտնի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող տեղեկագիրին բովանդակութիւնը: Փլամպլի դրուատեց հանրապետութեան նախագահին ի գործ դրած ջանքերը` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ղեկավարները ազգային երկխօսութեան հրաւիրելու իմաստով, ինչպէս նաեւ անոր ճիգերը` պաշտպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Փլամպլի անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի տրամադրուող օժանդակութիւնները աւելնան, որպէսզի ան իր կարգին կարենայ տոկալ` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքներուն ամբողջացման:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժը եւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Հաննան: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES