Կառավարութիւնը Ընդգծեց Պետութեան Գերիշխանութիւնը Հաստատելու Նպատակով Բանակին Դերակատարութեան Անհրաժեշտութիւնը
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նշեց, որ կառավարութեան դէմ անհիմն ամբաստանութիւնները մերժելի են` աւելցնելով, որ ընդդիմութիւնը պէտք է իր ժխտական կեցուածքներուն վերջ տայ:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններուն վերջ տալու համայնքային ու յարանուանական հրահրումներուն եւ ներդրում ունենալու երկրին ընդհանուր իրավիճակին խաղաղեցման մէջ:
Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ Սայտայի մէջ ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ առնելու իմաստով ոչ մէկ բացթողում կամ թուլութիւն պէտք է արձանագրուի:
Տաուք շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը հաստատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրելու երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ արմատական վերջ մը դնելու զինեալ երեւոյթներուն եւ ճամբաներու փակումին:
Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ ընդունելու 950 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը, որ պիտի յատկացուի կենսոլորտի նախարարութեան, որպէսզի վերջինս շուկայադրումի քաղաքականութիւններ իրականացնէ:
Միւս կողմէ, ելեւմուտքի նախարարութիւնը 20 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը տրամադրեց ի նպաստ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին, ինչպէս նաեւ այլ գումարներ յատկացուց Պսալիմի մէջ ելեկտրական սարքաւորումի մը համար:
Կառավարութիւնը վաւերացուց Տէյր Աամարի կայանին մէջ ելեկտրական հոսանք արտադրելու ուժանիւթի եւ ջուրի նախարարութեան ներկայացուցած առաջարկը, Թրիփոլիի եւ Սուրի մէջ արձանագրուած պայթումներէն եւ միջադէպերէն տուժած քաղաքացիներուն տրուելիք հատուցումները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ կառավարական հիւանդանոցներ կառուցելու ծրագիրները:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը Զիատ Նասըրը նշանակեց երկաթուղիի եւ հանրային փոխադրութեան մարզի ընդհանուր տնօրէն, ինչպէս նաեւ զօրավար Ֆուատ Խուրին նշանակեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել առաջարկեց Սայտան վերածել զինուորական շրջանի, եւ այդ առաջարկը փոխանցուեցաւ երկրին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին:
Նիստէն ետք պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն նշեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստն է, որ կ՛որոշէ, թէ Սայտա զինուորական շրջանի պիտի վերածուի՞, թէ՞ ոչ:


