Ազգային Ժողովը Մերժեց Աշխատավարձերու Յաւելման Մասին ՀՅԴ-ի Ներկայացուցած Նախագիծը
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան մէկ շաբթուան արձակուրդի մէջ կը գտնուի, հետեւաբար` Ազգային ժողովի նիստերը կը վարէ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան: Ուշագրաւ է, որ վերջինս երէկ պատգամաւորներու բարձրացուցած մեծ աղմուկը յաջողեցաւ ձեւով մը հանդարտեցնել եւ ստիպուած եղաւ երեք անգամ գրանցում յայտարարել:
Նիստին սկիզբը ձայներու 37 թեր եւ 58 դէմ յարաբերակցութեամբ մերժուեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ նախանցեալ օր ներկայացուած` նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը:
CATEGORIES Հայկական

