Բանանցի Ներկայացուցած Բողոքը Հաստատուեցաւ. Իրաւարար Գէորգ Եղոյեան Կրնայ Քանի Մը Մրցումով Կախակայուիլ
Իր լուրը քաղելով Բանանցի մամլոյ քարտուղարութենէն, «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբը որոշում տուած է իրաւարար Գէորգ Եղոյեանը քանի մը մրցումէ (հաւանաբար` հինգ) կախակայել:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Բանանց – Ուլիս մրցումին, Եղոյեան երկու առիթով փենալթի չտուաւ Բանանցի, որուն համար ալ վերջինս բողոքեց ֆետերասիոնին:
Ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբը, լաւապէս դիտելով մրցումին տեսերիզը, այդ երկու փենալթիներէն մէկը գտաւ ճիշդ, իսկ միւսը` սխալ:
CATEGORIES Մարզական

