Սամպօ. Հայ Մարզիկները 2012-ին Տիրացան 37 Մետալի Եւ 2 Խմբային Տիտղոսի
Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին ամփոփեց հայ մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները` 2012-ին տեղի ունեցած Եւրոպայի եւ աշխարհի Սամպոյի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
PanArmenian.Net լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ նախորդ տարուան բաղդատած, հայրենի մարզիկները տիրացած են 12 յաւելեալ մետալի: Այս տարի անոնք տիրացած են 37 մետալի եւ 2 խմբային տիտղոսի:
Ֆետերասիոնը արձանագրուած արդիւնքները գնահատելէ ետք ըսաւ, որ յաջորդ ժողովին պիտի ընտրեն այս տարուան լաւագոյն տասը մարզիկները, մարզիչները եւ իրաւարարները:
CATEGORIES Մարզական

