Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզ Կրեց Տարեշրջանի Իր Հինգերորդ Պարտութիւնը

Լէյքըրզ – Սփըրզ մրցումէն

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ կրեց տարեշրջանի իր հինգերորդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Սան Անթոնիօ Սփըրզէն, երկու կէտի տարբերութեամբ (84-82):

Սփըրզի մարզիկներէն Թոնի Փարքըր նշանակեց 19 կէտ եւ 7 էսիսթ, իսկ Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ` 28 կէտ եւ 8 էսիսթ:

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ ցարդ յաղթանակ չէ արձանագրած, կրեց իր 6-րդ յաջորդական պարտութիւնը Շարլոթ Հոռնեթցէն` 92-76 արդիւնքով:

Նիւ Եորք Նիքս, որ ցարդ անպարտելի է, արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը` 99-89 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Օրլանտօ Մեճիքը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շարլոթ Հոռնեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 92-76
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս 89-99
Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 72-74
Պրուքլին – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 114-101
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 86-103
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 82-84

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Պոսթըն Սելթիքս – Եութա Ճեզ
Միլուոքի Պաքս – Ինտիանա Փէյսըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Նիւ Օրլինզ
Օքլահոմա Սիթի – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Տալաս Մավըրիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Ֆէօնիքս Սանզ – Շիքակօ Պուլզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մայեմի Հիթ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ –  Աթլանթա Հոքս

Share this Article
CATEGORIES