Մրցանիշներու Անձրեւ Փաքիստանի Մէջ
Երիտասարդութեան յատուկ փառատօնի մը ընթացքին, փաքիստանցիները տարօրինակ մրցանիշներ կ՛արձանագրեն…
Փաքիստանը ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալ ձեռք չձգեց, սակայն անոր փոխարէն ան արժանացաւ աշխարհի ամէնէն շատ չափաթի հաց շինելու, ազգային քայլերգ երգողներու կամ պեխերով փոքրիկ փոխադրակառք մը քաշելու մրցանիշներուն:
Այս բոլոր մրցանիշները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշներ, արձանագրուեցան երիտասարդութեան յատուկ փառատօնի մը ընթացքին, Փաքիստանի Լահորի շրջանին մէջ: Փառատօնին ներկայ էին նաեւ Կինէս մրցանիշներու գիրքի պաշտօնական դատաւորներ:
* * *
Այս ձեւով, անոնք վաւերացուցին միաժամանակ ամէնէն մեծ թիւով իրենց երկրին քայլերգը երգող անձերուն մրցանիշը` 42,813 երգիչ: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Հնդկաստանի, մասնակիցներու 15,243 թիւով:
Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ Մոհամէտ Նոման կրցած է ելեկտրականութեան կոճակ մը զետեղել 35 երկվայրկեանէն, թէ Ահմատ Ամին Պոտլա երեք վայրկեանի ընթացքին 616 մարզական ոտքի հարուածներ տուած է մարզանքի տոպրակի մը, մինչ նախկին մրցանիշը 612 ոտքի զարկ էր: Անոնք արձանագրեցին նաեւ մրցանիշը Տանիէլ Ճիլի եւ Մոհամէտ Ռեզուանի, որոնք ֆութպոլի գնդակ մը գլխով իրարու նետած են 335 անգամ, 3 վայրկեան եւ 45 երկվայրկեանի մէջ, Սատի Մոհամէտի, որ 1,7 թոն փոխադրակառք մը 60 մեթրի վրայ քաշած է… իր պեխերով, եւ վերջապէս 12 տարեկան Մէհէք Կալի, որ ճատրակի խաղի մը բոլոր քարերը մէկ ձեռքով շարած է միայն 45 երկվայրկեանէն:
Մինչ 24200 պզտիկներ միասին կազմած են իրենց սիրած երկիրը` Փաքիստանը ներկայացնող ամէնէն մեծ մարդկային դրօշակը:
Գիտական
- Երկրին Կանչը
Մենք գիտենք, թէ ոչ մէկ ձայն կրնայ անջրպետին մէջ տարածուիլ, սակայն ալիքները շատ դիւրութեամբ կը ճամբորդեն անջրպետին մէջ: Օգոստոս ամսըունէ սկսեալ ամերիկեան անջրպետի կեդրոնը ՆԱԶԱ-ն «մտիկ կ՛ընէ» եւ կ՛արձանագրէ անջրպետին մէջի ելեկտրամագնիսական ալիքները, որոնք երկրագունդէն կ՛ընթանան դէպի զայն շրջապատող պարապութիւնը:
Արդարեւ, երբ այս ալիքները «կը զարնուին» արեւէն եկած յատուկ մասնիկները, ձայն մը կը յառաջանայ:
Ըստ ՆԱԶԱ-ի պատասխանատուներուն, այս «երկրի կանչը» շատ նման է անասուններու ձայներու, ինչպէս` կարգ մը կրծող անասուններու կանչերը կամ կէտերուն» երգը:
***
- Մուկերն Ալ
Անջրպետի երգերէն ետք, գիտնականները գտած են ուրիշ տեսակի երգ մը` մուկերուն երգը: Մինչեւ օրս գիտնականները կը կարծէին, թէ միայն անասունի կարգ մը տեսակներ կրնան տարբեր ձայներ արձակել:
Սակայն ամերիկացի գիտնականներու խմբակ մը անդրադարձած է, թէ երբ նոյն վանդակին մէջ դրուած երկու արու մուկերը պզտիկ ճիչեր կ՛արձակէին, անոնց «երգերը» կը սկսէին իրարու «յարմարիլ» մինչեւ նոյն ձայնի աստիճանին հասնէին:
Այս ձեւով մուկերը կը միանան կարգ մը կապիկներու, դլփիններու եւ թռչուններու երգելու կարողութիւնը ունեցող անասուններու շատ փոքր խմբակին:
Ինչո՞ւ Սկիւռները
Խոզկաղինները Կը Պահեն
Բազմաթիւ անասուններ ձմրան կը պատրաստուին: Ձմեռը դիւրին չէ ուտելիք գտնելը: Իսկ խոզկաղինը սկիւռներու գլխաւոր ուտելիքներէն մէկն է: Անիկա սննդարար է եւ փաթթուած պատեանի մը մէջ: Հետեւաբար, ամբարելու շատ լաւ ուտելիք մըն է:
Սկիւռները իրենց ամբողջ ամառը կ՛անցընեն խոզկաղիններ հաւաքելով եւ զանոնք պահելով: Անոնք խոզկաղինները կը թաղեն տերեւներու տակ կամ կը պահեն պարապ կոճղերու մէջ` իրենց մտքին մէջ պահելով այդ պահեստի վայրերուն քարտէսը:
Գիտէի՞ր, Թէ
Եթէ երբեք առիթը ունեցած ես սկիւռներ ուսումնասիրելու, հաւանաբար նշմարած ես, թէ անոնք կ՛աշխատին, սակայն նոյնքան ալ կը խաղան:
- Բոլոր անոնք, որոնք սովորութիւն ունին թռչուններ կերակրելու, պիտի հաստատեն, որ սկիւռները շատ խելացի են:
- Սկիւռները շատ հնարամիտ են: Երբ ուրիշ սկիւռ մը անոնց կը նայի, անոնք կը ձեւացնեն խոզկաղին մը պահել, տուեալ վայրի մը մէջ, սակայն աւելի ուշ անոնք զայն ուրիշ տեղ կը պահեն:
- Կարմիր կաղնիին խոզկաղինները մինչեւ մէկ տարի կը դիմանան: Սկիւռները այս խոզկաղինները պիտի պահեն առանց անոնց դպչելու: Ճերմակ կաղնիի խոզկաղինները անմիջապէս կ ը բացուին եւ կը ծլին, հետեւաբար շատ շուտ կը փճանան:
Սկիւռները այս խոզկաղիններուն ծլած բաժինը կը կտրեն եւ ապա զանոնք կը պահեն: Անոնք խոզկաղիններուն տարբերութիւնը կը զանազանեն անոնց հոտէն:
Ինչո՞ւ Հովը Կը Փչէ
Օրուան ընթացքին արեւը մեր մոլորակը կը տաքցնէ: Գետինը ջուրէն աւելի արագ կը տաքնայ: Հետեւաբար, ցամաքին վրայի օդը շատ աւելի արագ կը տաքնայ:
Գիշերը, գետինը իր տաքութիւնը շատ աւելի արագ կը կորսնցնէ, քան ջուրը: Ցամաքին վրայի օդը կը պաղի: Տաք օդը աւելի թեթեւ է, քան պաղը: Այս օդի տաքնալը եւ պաղիլը օդը կը շարժէ մեր մոլորակին շուրջ: Ան անդադար կը շարժի: Այս շարժումը մենք կը կոչենք հով:
Գիտէի՞ր, Թէ
Կարգ մը հովեր անուններ ունին.
– Տիապլօ, զօրաւոր հով մըն է, որ կը փչէ հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ:
– Էլէֆանթա Հնդկաստանի մէջ փչող զօրաւոր հով մըն է:
– Հապուպ, կատաղի փոշիոտ հով մըն է:
– Ուիլի-ուիլի` փոթորկոտ հով մըն է Աւստրալիոյ մէջ:
- Պտուտաւոր մեծ մրրիկներուն կը տրուի մանչերու եւ աղջիկներու անուններ:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ
Միացեալ Նահանգներու Միսիսիփի նահանգին մէջ գտնուող «հաթ քոֆֆի» (տաք սուրճ) կոչուած քաղաքին մէջ սրճարաններ գոյութիւն չունին:
- Ըստ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, կովերը կրնան աւելի կաթ արտադրել երբ դասական երաժշտութիւն մտիկ ընեն:
- Միացեալ Նահանգներու բնակիչները շատ աւելի պանան կ՛ուտեն, քան խնձոր եւ նարինջ միասին:
- Արուսեակ մոլորակին վրայ ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ մինչեւ 471 աստիճան տաքութեան:
- Յունաստանի մէջ սովորութիւն է, որ երբ մանուկի մը ակռան կ՛իյնայ, զայն տանիքին վրայ կը նետէ:
- Քալելու գործողութիւնը կը կարօտի 200 մկաններու աշխատակցութեան:
- Կրինլէնտի կարգ մը շնաձուկեր կրնան ապրիլ մինչեւ 200 տարի:
- Գոյութիւն ունին պամպու եղէգէ շինուած գուլպաներ:
- Մեր աջ թոքը ձախ թոքէն քիչ մը աւելի մեծ է:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:








