Եոլանտը
Տ. Թ.
40 օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուէր Եոլանտ Քերոբեան Ճոմպալաքեան հայուհին, որ իր պարզ, լուռ եւ համեստ կենցաղով մեծ դրոշմ մը ձգեց զինք ճանչցող շրջապատին մէջ:
Ամբողջ կեանքին ընթացքին ան կը պարծենար երեք արժանիքներով` հայութեամբ, Ճեմարականութեամբ եւ ԼՕԽ-ի անդամակցութեամբ: Իրեն համար հայ ըլլալը իրեն պարգեւուած բնածին պատիւ մըն էր, հայութիւնը` իր քրիստոնէական հաւատքով, սիրով ու ընտանիքի հասկացողութեամբ, Հայաստանով, անգնահատելի արժէք մըն էր: Ճեմարանը` Շանթի ու Աղբալեանի եւ անոնց յաջորդներուն շունչով մեծնալու, աճելու, զարգանալու, ապրելու, Ճեմարանի ազատ բայց պարտադրող պարզութեամբ ու ընկերասիրութեամբ դաստիարակուելու օրրան մըն էր, եւ ինքը այդ արժանիքներով հարուստ ճեմարանականն էր: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ու անոր անդամակցիլը` իր հաւատացած այդ արժէքները մարդուն հետ բաժնելու եւ օգնելու բաց ասպարէզն էր: Մինչեւ իր վերջին շունչը, իր գիտակցութեան տէր, ան կը դաւանէր ու կը պաշտպանէր իր երրեակ հաւատամքը եւ իր երեսին վրայ երեւցող յոգնած ու տկար ժպիտով իր կեանքին ողջ ընթացքին իրեն ընկերացող պարծանքն էր, որ կ՛արտայայտէր:
Հետզհետէ կորսնցուցած էր իր ընտանիքի անդամները եւ հեռու էր իր միակ ապրող եղբօրմէն ու ընտանիքէն, քիչ էին իր բարեկամները, որովհետեւ իր ազնիւ եւ համեստ նկարագիրին կ՛ընկերակցէր ուղամիտ, ճշդապահ, ճշմարտութիւնը սիրող, թափանցիկ, անսակարկ հայութեամբ լի, անկեղծ եւ բծախնդիր անձերու, ինչպէս ինքն էր: Եոլանտը վերոյիշեալ արժէքներէ զիջում չունէր, պէտք էր այդպիսին ըլլալ նաեւ այն անձը, որուն պիտի բարեկամանար: Իր այս նկարագրային գիծերը պատճառ հանդիսացած էին, որ ան երբեմն ցաւցնէր իր մօտիկները, ատոր համար ալ մեծ ցաւ կը զգար, բայց «ես այդպէս եմ» կ՛ըսէր:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գործօն անդամ էր, տարած էր վարչական պարտականութիւններ եւ իբրեւ ատենապետուհի` վարած Պէյրութի մասնաճիւղի գործունէութիւնը: Իր այդ օրերու գործակիցներու մտքին մէջ, տակաւին կը յամենան իր բծախնդիր եւ պահանջկոտ պարտադրանքները, յանուն իր հաւատացած կազմակերպութեան վարկին ու վերելքին. անվարան կարելի է ըսել, որ այդ բոլորը իրենց հետքը թողած են իրեն հետ գործած անդամներու միութենական վարքագծին ու հոգիին մէջ:
Խոր ապրումներու տէր, միշտ մտածող, վերլուծող եւ աւելի լաւին ձգտող, իր հայրենակիցներուն դժուարութիւնները հասկցող եւ անոնց բարելաւման համար տառապող հոգին էր ան, տառապանք մը, զոր կը բաժնէր իր մտերիմներուն հետ եւ որու արդիւնքը եղաւ իր յետ մահու կտակը ԼՕԽ-ին` իր պաշտած եւ հաւատացած կազմակերպութեան, ԼՕԽ-ի ճամբով ` «Թող ոչ մէկ հայ անօթի մնայ»-ի իր թելադրանքով: Որքան լուռ եւ հզօր է իր թելադրանքը, որքան խոր եւ խօսուն իր ցանկութիւնը, մեծ էր Եոլանտը` առանց պարծենալու իր մեծութեամբ, որքան խելամիտ էր Եոլանտը, առանց արհամարհելու ուրիշները, որքան բարի էր Եոլանտը բարութեան մղելով նաեւ իր շուրջինները….. Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ գործակից եւ բարեկամուհի, ինչպէս որ կ՛ըսէիր:

