ԼՕԽ-ի Բարերարուհի Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանի Յիշատակին
Պատմութեան ընթացքին ազգեր միշտ գոյատեւած են շնորհիւ ազգային հերոսներու, որոնք` հաւատալով հայրենիքի գոյատեւման գաղափարին, իրենց կեանքը զոհած են եւ անմահացած:
Նահատակներու կողքին, ազգերու գոյատեւման նպաստած են նաեւ կազմակերպութիւններ, որոնք հիմնուած են ծառայելու տուեալ ազգի զաւակներու կարիքներուն:
Այսպիսով, ութսուներկու տարիներ առաջ, վերոյիշեալ նպատակով հիմնուած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչը:
Իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս կառչած կը մնայ իր նպատակին, սկզբունքներուն եւ հայապահպանման սուրբ առաքելութեան: Սակայն ութսուներկու տարիներու յարատեւ գոյատեւումը արդիւնք է այն մեծ բանակին, որուն մէջ կամաւորաբար գործող հայուհիներ ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն հասնելու համար հայ ժողովուրդին կարիքներուն:
Այդ մեծ բանակին մաս կը կազմէր նաեւ ԼՕԽ-ի Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի վաստակաւոր անդամներէն` Եոլանտ Քերոբեան – Ճոմպալաքեանը, որ ասկէ քառասուն օրեր առաջ անվերադարձ բաժնուեցաւ իր շրջապատէն:
Համեստ, ազգասէր եւ ԼՕԽ-ի սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով` նոյնիսկ յետ մահուան ան օրինակելի ընկերուհին էր բոլոր ԼՕԽ-ականներուն:
Իր մնայուն մտահոգութիւնը կը հանդիսանային ազգին կարիքաւորները, իսկ իր կողմէ ԼՕԽ-ին կատարած կտակով ան, նոյնիսկ յետ մահու պիտի հասնի անոնց կարիքներուն: Այս գծով յատուկ ծրագիր մը պիտի մշակուի Քերոբեան – Ճոմպալաքեան անունով` յաւերժացնելու համար մեր նուիրեալ ազգային բարերարին անունը:
Ճիշդ է, որ այսօր կեանքի պայմանները փոխուած են, դժուարութիւնները բազմաթիւ եւ ամէնուր են, սակայն շնորհիւ Եոլանտ Քերոբեան – Ճոմպալաքեանի նման անձնուէր եւ գործին հաւատարիմ ընկերուհիներու մենք կը վկայենք, որ ԼՕԽ-ը ոչ միայն ութսուներկու, այլ նաեւ հարիւրաւոր տարիներ եւս պիտի գոյատեւէ:
Թող ընկերուհի Եոլանտին յիշատակը մշտապէս անթառամ մնայ:
ԼՕԽի
Շրջանային Վարչութիւն

